Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 18 նոյեմբերին Պրազիլ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Աւստրիոյ դէմ` Վիեննայի մէջ գտնուող «Էռնսթ Հափել» դաշտին մէջ:
Այս մրցումէն վեց օր առաջ, 5 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ Պոլսոյ մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ:
Պրազիլի մարզիչ Տունկա, որ իր պաշտօնը ստանձնեց յուլիս 2014-ի Մոնտիալէն ետք, շաբաթ, 11 հոկտեմբերին Փեքինի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը ունի կատարելիք Արժանթինի դէմ, իսկ քանի մը օր ետք` Ճափոնի դէմ (Սինկափուրի մէջ):
Նշենք, որ Տունկա ցարդ Պրազիլի հետ իր կատարած երկու մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է` յաղթելէ ետք Քոլոմպիոյ եւ Էքուատորի (նախորդ սեպտեմբերին), երկուքն ալ` 1-0 արդիւնքով:


