Երէկ, «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան երթին իր կրած պարտութեան նման (4-0) այս անգամ 5-1 արդիւնքով այլ ծանր պարտութիւն մը եւս կրելով Փլզենէն (Չեխիա), հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Դաշտին տէրերը իրենց կոլերը նշանակեցին 38-րդ, 42-րդ, 45-րդ, 58-րդ եւ 92-րդ վայրկեաններուն: Փիւնիկի միակ կոլը նշանակեց Էտկար Մալաքեան` 49-րդ վայրկեանին:


