«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 97-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Լսարանի զեկուցաբերն էր հայրենի լրագրող, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից, փորձագէտ եւ վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան, որուն զեկուցումին խորագիրն էր` «Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնային ուղղութիւնները»:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս տարի մը առաջ Հայաստանի յայտարարած մաքսային միութեան միանալու մտադրութիւնը եւ հետագային Եւրասիական միութեան հիմնադիր անդամ դառնալու որոշումը Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ շրջադարձային իրադարձութիւն մը հանդիսացած է Եւրոպական միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին միանալու երկարատեւ հոլովոյթի ձախողութեան մատնուելէն ետք: Ան այս մասին կատարեց կարգ մը հարցադրումներ, թէ ի՞նչ գնով տեղի պիտի ունենայ անդամակցութիւնը, ի՞նչ վտանգ կրնայ սպառնալ Հայաստանի ինքնիշխանութեան սահմանափակման իմաստով: Ժաք Յակոբեան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց հայրենի զեկուցաբերը, ապա հրաւիրեց զինք, որպէսզի զեկուցումը ներկայացնէ:
Հայրենի փորձագէտ եւ վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան ողջոյնի եւ երախտագիտական խօսքերէն ետք նախ վերլուծեց շրջանին մէջ ստեղծուած քաղաքական-տնտեսական իրավիճակը, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեց Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան մասին, որ միջազգային տնտեսական կազմակերպութիւն է, նպատակ ունի անդամ պետութիւններու ընդհանուր արտաքին մաքսային սահմաններու ձեւաւորման հետ կապուած հարցերը լուծել եւ մշակել միասնական արտաքին տնտեսական քաղաքականութիւն: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք նոր շրջանային միաւորում մը ստեղծուեցաւ` ԱՊՀ-ն, որ իբրեւ կառոյց այնպէս ալ չյաջողեցաւ կայանալ, ապա յիշեց Եւրազեսը, որուն մէջ Հայաստան դէտի կարգավիճակ ունէր, ապա յիշեց, թէ ինչպէս ստեղծուած ՎՈՒԱՄ կառոյցը կրկին ձախողութեան մատնուեցաւ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան, գլխաւոր հարցադրումը, որ կը հնչէ ամէնուրեք, այն է թէ անդամակցութիւնը ինչ բանի պիտի նպաստէ: Ան յայտնեց, որ պատասխաններ գոյացնելը բաւական դժուար է, բայց կարելի է հաստատ ըսել, որ Հայաստան այլընտրանք չունէր այս գծով: Ան թուեց այն հանգամանքները, որոնք պէտք է հաշուի առնել.
1.- Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները. Հայաստանի ցամաքային ճանապարհը դէպի Եւրոպա Վրաստանի ճանապարհով կ՛իրականանայ, առաւել Հայաստանի ապրանքներու շրջանառութեան 70 առ հարիւրը տեղի կ՛ունենայ Վրաստանի ճանապարհով եւ որեւէ խախտում հայ-վրացական յարաբերութեան մէջ Հայաստանը լուրջ բարդութիւններու կը մատնէ:
2.- Հայաստան-Իրան համագործակցութիւն. ակնյայտ է Իրանի հայանպաստ չէզոք դիրքորոշումը եւ ցամաքային ճանապարհի առկայութիւնը:
3.- Հայաստան-Արցախ հաւանական անհասկացողութիւնը` մաքսակէտի տեղադրման հարցին շուրջ:
4.- Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան անդամակցութեան պարագային կը նախատեսուի կարգ մը ապրանքատեսակներու գիներու զգալի աճ, դիտել տուաւ զեկուցաբերը:
Ան շարունակեց ըսելով, թէ փաստ է, որ Հայաստան ՄԱԿ-ի անդամ ըլլալով տնտեսական ազատ վիճակ կը ներկայացնէ եւ բաւականին բարձր դիրք ունի: Իսկ ռուսերը երբեք ալ չհանդուրժեցին Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման իրավիճակը: Ան նկատել տուաւ, որ նման պարագայի Հայաստանի իշխանութեան դէմ քննադատութիւնները անտեղի են, որովհետեւ հաշուի առնելով Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ ռազմաքաղաքական պայմանները, պետութիւնը այլընտրանք չունի: Անվիճելի փաստ է, որ առանց Ռուսիոյ Հայաստան դժուար պիտի կարենայ տոկալ ու դուրս գալ շրջափակուած ըլլալու իր հանգամանքէն, իսկ Եւրոպական Արեւելեան համագործակցութեան մասնակցելու համար անհրաժեշտ էր զիջումներու գնով լուծել Արցախ- Ազրպէյճան տագնապը եւ նոյնպէս զիջումներու գնով կարգաւորել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները:
Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիա արդէն մնայուն ներկայութիւն է: Հայաստան ոչ միայն տնտեսական կախուածութեան մէջ է Ռուսիայէն, այլ նաեւ, ռազմաքաղաքական, այլ խօսքով` Հայաստանը ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական առումով կապուած է Ռուսիոյ: Հայաստանի դրամագլուխի ձեւաւորումը կ՛իրականանայ առաւելաբար հանքարդիւնաբերութեամբ, գիւղատնտեսութեամբ, խմիչքի եւ սննդամթերքի արտահանումով:
Թ. Յակոբեանի զեկուցումէն ետք ներկաները նիւթին վերաբերեալ իրենց հարցումները ուղղեցին զեկուցաբերին:


