Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս (1). Մշակութային Նոր Կամուրջ («Վարդանանց» երգչախումբի ելոյթին առիթով)

October 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

1003_VartanantsԱյսօր երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, լիբանանահայութիւնը առիթ պիտի ունենայ վայելելու Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբին ելոյթը: Ձեռնարկը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութիւնը:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Համազգայինը ամբողջական յանձնառութեամբ եւ պահու կարեւորութեան ամբողջական ըմբռնումով, իր գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն նկատեց Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու սերտացումը եւ ամրապնդումը: Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը այդ համագործակցութեան փորձեց տալ համապատասխան որակ, տարողութիւն եւ լայն ընդգրկուածութիւն: Այսօր կ՛արժէ յիշել այստեղ այդ օրերուն սկսած համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք հայրենի մշակութային, գեղարուեստական մեծաթիւ խումբերու հիւրընկալումը եւ գաղութին մէջ ստեղծուած մեծ խանդավառութիւնը: Կարելի՞ է արդեօք մոռնալ օրին երկրաշարժէն նոր դուրս եկած, անմխիթար պայմաններու տակ հայաստանեան մշակոյթը ապրեցնող նուիրեալներու քաջագործութիւնները եւ այդ քաջագործութեանց անմիջական արձագանգումը սփիւռքի այս կեդրոնական գաղութին կողմէ:

Այս առիթով կը յիշեմ 1990-ականներու սկիզբը Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարած 85 անդամներէ բաղկացած «Հայաստանի պետական երգչախումբ»-ին հիւրընկալումը Լիբանանի մէջ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Այս նախաձեռնութիւնը օրին իր դրոշմը դրաւ լիբանանահայ գաղութի մշակութային կեանքին վրայ: Անշուշտ այս երգչախումբին այցելութեան յաջորդեցին զանազան  գեղարուեստական խումբերու, անհատ արուեստագէտներու հիւրընկալումները: Համազգայինի մշակութային դպրոցներու եւ հայագիտական հիմնարկի Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն հետ ծաւալած համագործակցութիւնները եւ կնքած համաձայնագիրները, մեր հաւաքական կեանքին տուին գործունէութեան նոր հարթակ եւ մակարդակ: Այսօր Երեւանի պետական համալսարանին հետ մեր ազգային կառոյցներուն կնքած ակադեմական, կրթական եւ հրատարակչական համաձայնագիրները կու գան բնական շարունակութիւն մը դառնալու եւ նոր լիցքաւորում տալու Հայաստան – Լիբանան համագործակցութեան զանազան ոլորտներուն:

Կասկածէ վեր է, որ պոլսահայ երգչախումբին հիւրընկալումը այսօր անտարակոյս նոյն այժմէական պատգամները փոխանցելու բոլոր ստորոգելիները եւ տուեալները ունի, եւ ահաւասի՛կ մշակութային նոր կամուրջ մըն է, որ կը հաստատուի համագործակցութեան նոր մարզեր ընդգրկելու հաստատ համոզումով եւ ակնկալութեամբ: Հետեւաբար երգչախմբային սովորական կատարում մը վայելելու առիթ չէ, որ կ՛ունենանք այսօր, այլ պոլսահայութեան հետ կամրջումը ամրացնելու եւ համագործակցութեան կարեւոր հանգրուանի մը սկիզբի պատեհ առիթը վայելելու խանդավառութիւնը կ՛ապրինք հաւաքաբար:

Այո՛, լիբանանահայ գաղութը այս նախաձեռնութեամբ կու գայ անգամ մը եւս դրսեւորելու իր պատրաստակամութիւնը եւ տալու փաստը բոլորին, որ համահայկական ժամանակակից օրակարգերը միշտ ալ յաջողած է եւ պիտի յաջողի վերածելու առաջնահերթութեան եւ անոնց գործադրութիւնը վստահելու ծրագրաւորուած հաւաքական աշխատանքին, որքան ալ բազմանան մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:

Այդպէ՛ս կերտուած է այս գաղութին նկարագիրը: Այսպէ՛ս լիբանանահայութիւնը նուաճած է բազմաթիւ իրագործումներ: Այս նկարագիրը անաղարտ պահելու համար ի գործ դրուած է մեծ ճիգ եւ ներդրում: Այսօր յաւելեալ ճիգի ու յաւելեալ ներդրումի կարիքը կայ անկասկած, որուն համար վստահ ենք, որ գաղութի հաւաքական ԱՅՈ՛ն ու հաւաքական յանձնառութիւնը պիտի դառնան մեր երթին շարունակականութիւնը երաշխաւորող յենարանները:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, երբ արդէն գաղութային մակարդակի վրայ սկսած են ձեւաւորուիլ մեծ թիւով ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, նոյն այդ հաւաքական յանձնառութիւնը եւ գաղութային այդ նոյն նկարագիրը պիտի դառնան գերակշռող, ճառագայթող ու համակող:

Այսօր «Վարդանանց» երգչախումբի կատարումներուն ճամբով մենք բոլորս մեր հոգիներուն խորը պիտի ապրինք Հայ դատի նահատակ Հրանդ Տինքի մտերմութեան մէջ եւ ականջալուր դառնանք անոր խօսքին ու վկան` անոր կատարած մեծ աշխատանքին:

Հասկցողին բարե՛ւ…

Բարի վայելում բոլորիս` այսօրուան երեկոյին համար:

 

 

Նախորդը

100-Ամեակի Մարմինի Նիստ` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.