Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Գիտենք Մեր Յիշողութեան Մասին. Ո՞ւր Կը Գտնուի Յիշողութիւնը Մեր Ուղեղին Մէջ

October 4, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1004_hishoghoutioun-1Յիշողութիւնը կը գտնուի ուղեղին հիփոքամփ կոչուած շրջանին մէջ: Ան զետեղուած է ուղեղին մէկ կողմը` քունքերուն տակ: Ան ունի ձիաձուկի ձեւ:

Գիտնականները կրցած են ճշդել այդ շրջանը, ուր կը գտնուի յիշողութիւնը` ուսումնասիրելով հիւանդ անձերու ուղեղը. անոնց յիշողութիւնը այլեւս չէր գործեր: Նկարները ցոյց տուած են, թէ հիփոքամփն էր, որ փճացած էր յիշողութեան վերաբերող հիւանդութեան պարագային: Սակայն յիշատակները կազմելու համար, ուղեղէն բազմաթիւ շրջաններ միասին կ՛աշխատին:

Ինչպէ՞ս Ուղեղը Կը Դասէ
Յիշատակները

1004_hishoghtioun-2Հիփոքամփին մէջ է, որ կը հասնին մեր հինգ զգայարաններուն հայթայթած բոլոր տեղեկութիւնները: Հիփոքամփը զանոնք կը զտէ եւ կ՛ուղարկէ դէպի ուղեղին այս բաժինները, որոնք անոնց իմաստ պիտի տան եւ զանոնք պիտի շարեն իրենց ճիշդ տեղը:

Ինչո՞ւ Յիշողութիւնը Չի Պահեր
Բոլոր Յիշատակները

Տեղեկութիւններ անդադար կը հասնին ուղեղին: Մենք չենք կրնար բոլոր այդ տեղեկութիւնները պահել: Յիշողութիւնը նոյն ժամանակ կը նշանակէ մոռացում, կարգ մը տեղեկութիւններ մէկ կողմ դնելու ընտրութիւնը: Նոյն ժամանակը, յիշողութիւնը կը ղեկավարուի ըստ մեզ հետաքրքրող կամ օգտակար մանրամասնութիւններու, մեր սորվելու կամ չսորվելու փափաքին…

1004_hishoghoutioun-3Փոքրերուն Ուղեղը Տարբե՞ր Է
Չափահասներու Ուղեղէն

Փոքրերուն եւ չափահասներուն ուղեղին բաղադրութիւնները տարբեր են, որովհետեւ անոնք տարբեր բառերով կը հետաքրքրուին: Ասոր կողքին, մանկութեան ժամանակ յիշատակներու յիշողութիւնը տակաւին չէ կազմուած: Կարելի է յիշել դէպք մը, սակայն ոչ թէ այն, որ երբ եւ ուր տեղի ունեցած է անիկա: Այս ձեւով, մենք մեր մանկութենէն շատ քիչ յիշատակներ կ՛ունենանք:

Յիշողութիւնը Կը Փոխո՞ւի,
Երբ Մենք Կը Մեծնանք

4-էն 12 տարեկանի միջեւ յիշողութիւնը կը կազմուի, սակայն ան նուազ ճշգրիտ կ՛ըլլայ չափահասի ուղեղէն: Ուղեղին կառուցուածքը կը փոխուի երբ մենք կը մեծնանք, եւ յիշողութեան ցանցերը կը հաստատուին: Ամէն ինչ կը զարգանայ մինչեւ պատանեկութիւն:

Կարելի՞ Է Բարելաւել Յիշողութիւնը

Յիշողութիւնը չարաչար չգործածելու համար, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել քունին: Այդ միջոցին է, որ շատ բաներ կը պատահին ուղեղին մէջ: Եւ դասերը աւելի լաւ միտք պահելու համար, կարեւոր է սորվածին իմաստ տալ: Օրինակի համար, ստեղծել կապ մը մեր գիտցածին եւ նոր գիտելիքին միջեւ:

Կարելի՞ Է Յիշողութիւնը Կորսնցնել

– Յիշողութիւնը բարդ եւ դիւրաբեկ աշխատանք մըն է: Կեանքի կարգ մը ծանր դէպքեր կրնան զայն խանգարել: Կեանքը կը փոխուի, նաեւ` յիշողութիւնը:

– Ուղեղին զօրաւոր հարուած մը կրնայ նաեւ յառաջացնել յիշողութեան խանգարումներ:

– Ալզհայմըրի հիւանդութիւնը ուղեղը կը փճացնէ եւ կը յառաջացնէ յատկապէս յիշողութեան կորուստ:

 

Հետաքրքրական

Ուղեղին Մասին

1004_oughegh– Մեր ուղեղը կ՛արտադրէ լամբ մը վառելու կարող բաւարար ելեկտրականութիւն:

– Ամէն վայրկեան մօտաւորապէս 750 միլիլիթր (կամ կազային խմիչքի 2 թիթեղէ շիշ) արիւն կ՛անցնի մեր ուղեղին մէջէն:

– Տուրմ ուտելը ուղեղին մէջ կ՛արձակէ յատուկ քիմիական նիւթեր, որոնք մեզի ուրախութեան զգացում կը հայթայթեն:

– Մարզանք ընելը մեր ուղեղը աւելի գործօն կը դարձնէ:

– Մեր ուղեղին մէջի բջիջները հաշուելը կը կարօտի մօտաւորապէս 3000 տարուան:

 

Արուեստագէտ Նէանտէրդալը

1004_arvesdakedՍպանիոյ հարաւը` Ժիպրալթարի շրջանին քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուած են 39,000 տարիներ առաջ ժայռին մէջ փորագրուած երկրաչափական ձեւեր: Այդ քարայրին մէջ կը բնակէին Նէանտէրդալի մարդիկ: Ասիկա առաջին նկարազարդ գործն է (ո՛չ էակներ, ո՛չ առարկաներ ներկայացնող), որ գծուած է քարայրի մը պատին վրայ, ոչ «արդի» մարդու մը կողմէ:

 

 Վարդագոյն Մայթը

1004_mayteՀոլանտայի Վիշէնի քաղաքին մէջ կ՛ուզէին մայթերը մութ կարմիր ներկել: Սակայն գոյնին պատրաստութեան մէջ պզտիկ սխալ մը եղած է եւ ան դարձած է վարդագոյն «Ֆլուօ»: Այս ձեւով, վստահ, որ անցորդները անտեսանելի պիտի չանցնին:

 

Տուրմէ Լեկոներ

1004_legoՄեր մայրերը ընդհանրապէս անդադար կը կրկնեն, որ պէտք չէ ուտելիքին հետ խաղալ…

Այս յատուկ պարագային ուտելիքին հետ խաղալու ամէն իրաւունք պիտի ունենանք: Ճափոնցի արուեստագէտ մը` Աքիհիրօ Միզուչի, ստեղծած է Լեկոյի ձեւով կերպընկալէ կաղապարներ:

Կը մնայ, որ մենք տուրմը հալեցնենք եւ զայն պարպենք այդ կաղապարներուն մէջ: Երբ տուրմը պաղի, կարելի է լեկոյի «քարերը» հանել կաղապարներուն մէջէն: Ապա, ինչպէս լեկոյի դասական քարերուն պարագային, մենք կրնանք այդ տուրմէ քարերով կազմել տուներ, շէնքեր, օդանաւեր…

Աքիհիրօ Միզուչի ապացուցած է, թէ կարելի է շատ դիւրութեամբ կազմել այս տուրմէ քարերը: Ան անձնապէս շինած է պզտիկ արջուկներ…

Սեւ, ճերմակ կամ կաթով տուրմ, իւրաքանչիւրը ազատ է ընտրելու իր «գոյները»: Այս ժամանցին միակ անպատեհութիւնը այն է, թէ պէտք է տոկալ տուրմը ուտելու փափաքին…

 

Օդանաւին Մէջ

1004_otanavin-metchԱնգլիական «Պրիթիշ Էրուէյզ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի սկսի թռիչքներուն ընթացքին անասուններու մասին յայտագիրներ սփռելու` ճամբորդները հանդարտեցնելու համար: Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, սիրուն եւ փոքր անասուններու նայիլը կրնայ լաւ ըլլալու զգացում յառաջացնել:

 

Վիրաբուժութենէն Ետք
Ան Ջութակ Կը Նուագէ

1004_tchoutagaharՌոճըր Ֆրիչ ամերիկացի ջութակահար մըն է: Ան կը տառապէր դող յառաջացնող հիւանդութենէ մը, որ զինք կ՛արգիլէր իր գործիքը նուագելէ:

Ան վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ: Վիրաբուժութեան ընթացքին ան արթուն մնացած է, սակայն առանց ցաւ զգալու: Բժիշկները Ռոճըրէն խնդրած են վիրաբուժութեան ընթացքին ջութակ նուագել, որպէսզի անոնք կարենան դարմանել ուղեղին ճիշդ այն շրջանը, որ դարմանման կարիք ունէր: Շատ ուրախալի է, որ վիրաբուժութիւնը յաջողած է:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել կրակը մարող գործիքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կրակը մարող գործիքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է վարի երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է վարի երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Հոկտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Անթիլիասը Կը Խօսի Ինծի…

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.