Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 11 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ճատրակի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները` Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, հարաւի եւ Պեքաայի ակումբներուն մասնակցութեամբ:
Այս մրցումներուն իւրաքանչիւր խմբակի (ընդամէնը` չորս խմբակ) առաջին դիրքը գրաւող ակումբները կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ, երբ աւարտին առաջին հանգրուանի մրցումները եւ իւրաքանչիւր խումբ իր խմբակին մէջ կատարէ չորս մրցում:
Այդ չորս խմբակներուն մաս կազմող խումբերն են.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Անդրանիկ Անթիլիաս, Արարատ Պէյրութ, Սանապել, Ահլի Խիամ եւ Մար Ռուքոզ:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Արաբական համալսարանի շրջանաւարտներ, Ժամհուր, Ահիա Ռիատա եւ Ուաֆա Պէյրութ:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Ահլի Սայտա, Ապըս Պարժա, Մաժտալ Այնճար, Քամետ Լոզ Սաքաֆի եւ Շամս Պաալպեք:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Իրշատ Թրիփոլի, Շաալեթ Ֆաուար, Մինա Շաթրանժ եւ Ուաֆա Ռիատի Թրիփոլի (Իրշատ ապահովեց իր տոմսը` գրաւելով առաջին դիրքը` 9 կէտով, մինչ Մինա 6 կէտով գրաւեց 2-րդ դիրքը):
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն 48 ժամ առաջ ֆետերասիոնը այս ախոյեանութեան մասնակցող ակումբները պիտի հրաւիրէ յատուկ ժողովի մը (անոր վայրը եւ թուականը պիտի յայտարարուի յառաջիկային):
Բոլոր ակումբները պարտին, ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն 72 ժամ առաջ մասնակցող 12 անձերուն անունները փոխանցել ֆետերասիոնին:


