Օսլոյի քաղաքապետ Սթիան Ռեսլանտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Նորվեկիա յետս կոչեց 2020-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու իր առաջադրած թեկնածութիւնը, կը յայտնէ ArmSportam:
Ռեսլանտ յայտնեց, որ Նորվեկիա մինչ այդ արդէն իսկ 23 միլիոն եւրօ ծախսած էր: Այդ գումարին 14 միլիոն եւրոն` դիմումի պատրաստութեան եւ ներկայացման համար, իսկ մնացածը` ողիմպիականի տարբեր տեսակի ծրագիրներու մշակման համար:
Քաղաքապետը նշեց, որ իր կարծիքով, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պիտի յաջողցնէ Փեքինի թեկնածութիւնը, որովհետեւ անիկա նոյն այդ տարին 100-ամեակի նշում մը ունի կատարելիք:
Նշենք, որ այժմ մնացած են երկու թեկնածուներ. Փեքին եւ Ալմա Աթա:


