Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Լոնտոնի Արտերկրացիները

October 3, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԵՒ ԳՐԱՒԻՉ` «ԱՐՏԵՐԿՐԱՑԻ» ՑԵՂ ՄԸ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՇՐՋԱԾ Է ԼՈՆՏՈՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: «ՔԻՒՐԻՈՍԻԹԱՍ» ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԱՆՈՆՑ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ:

985alien6Լոնտոնի բնակիչները վարժուած են տարօրինակ երեւոյթներ տեսնելու իրենց փողոցներուն մէջ: Իրօք, քաղաքին առօրեայ կշռոյթին մաս կը կազմեն արտասովոր եւ արտառոց երեւոյթները: Այսուհանդերձ, վերջերս նոյնիսկ նորութիւններէն ձանձրացած քաղաքացիները շշմեցան, երբ «արտերկրացիներու» խորհրդաւոր ցեղ մը` ինտոճենները յանկարծ յայտնուեցան քաղաքին փողոցներուն մէջ:

985alien3Վոթան համաստեղութենէն հասած այցելուները յայտնապէս տրամադիր էին ճանչնալու Լոնտոնը, այնպէս` ինչպէս սովորական զբօսաշրջիկներ պիտի փափաքէին ճանչնալ զայն, թէեւ անոնց դէմքի արտայայտութիւնը շատ բան չէր ըսեր իրենց ապրած հաճոյքին մասին: Թերեւս քիչ մը շփոթած էին` ի տես քաղաքին աղմուկին եւ տեսարաններուն կամ թերեւս անոնց համացանցի կապուած հանդերձանքը չափազանց բեռնաւորուած էր: Ամէն պարագայի, անոնք Լոնտոնի փողոցներէն անցան շնորհալի կրաւորականութեամբ մը:

985alien2«Արտերկրացիները» երկար կանգ չառին որեւէ տեղ: Հարըտծ այցելութիւն մը մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր արտերկրացիի Լոնտոն այցելութեան, ինչպէս նաեւ` պահակի մը հետ լուսանկարուիլը (հաւանաբար իրենց պէս կրաւորական տիպար մը, որ պիտի յիշեցնէր շատոնց մոռցուած զարմիկ մը): Մայրաքաղաքը շրջելէ ետք անոնք նոյնիսկ պաղպաղակ մը ճաշակեցին Ռիճընթց փարքի մէջ:

985alien4«Արտերկրացիները» իրականութեան մէջ պատկերասփիւռի «Տիֆայընս» ժապաւէններու շարքին հերոսներն էին: Անոնք կը նկարահանուէին` ժապաւէնններու երկրորդ շարքին ծանուցումին համար: Շպարի արհեստավարժ մասնագէտներ երեք ժամ տրամադրած էին ստեղծելու համար անոնց ապշեցնող դիմագիծը, տեղեկանելէ ետք, թէ Բրիտանիոյ բնակչութեան 68 առ հարիւրը կը հաւատայ արտերկրացիներու գոյութեան, եւ թէ` անոնց 23 առ հարիւրը կը կարծէ, թէ արտերկրացիներ կը քալեն իրենց քաղաքին փողոցներուն մէջ: Գէթ մէկ օրուան համար ճիշդ էր այս:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Հոկտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Վաղուան Քաղաքները

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.