Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Կը Թռչին Օդանաւերը

September 27, 2014
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

0927_otanav-1Վարէն դէպի վեր բարձրացող օդն է, որ կը բարձրացնէ օդանաւը: Օդանաւին թեւերը այս ուժին միջոցով օդանաւը օդ կը բարձրացնեն:

Օդանաւին թեւերու վարի բաժինը տափակ է, մինչ վերի բաժինը քիչ մը կոր է: Առջեւի բաժինն ալ կոր է, մինչ ետեւի բաժինը` շատ բարակ:

* * *

0927_otanav-20927_otanav-3

 

Երբ օդանաւը կը յառաջանայ, թեւերը երկուքի կը բաժնեն օդը:

Թեւին վրայէն անցնող օդը աւելի արագ կ՛ընթանայ, որովհետեւ անիկա աւելի երկար հեռաւորութիւն մը պիտի կտրէ, մինչեւ որ դարձեալ միանայ վարէն անցնող օդին: Ասիկա ճնշումի տարբերութիւն մը կը յառաջացնէ երկու մասերուն միջեւ: Կարծէք` օդանաւը դէպի վեր կը քաշուի: Ասիկա անոր կարելիութիւնը կու տայ օդին մէջ մնալու` հակառակ իր ծանրութեան:

Օդանաւը օժտուած է նաեւ երկու ղեկավարող գործիքներով: Ուղղութեան ղեկը օդանաւին կարելիութիւնը կու տայ դէպի աջ կամ դէպի ձախ դառնալու, երբ անիկա  գետնին վրայ է: Մինչ խորութեան ղեկը կը գործածուի օդանաւը օդին մէջ բարձրացնելու կամ գետին իջեցնելու համար:

Օդանաւին թեւերը անոր կարելիութիւնը կու տան, թռիչքի ընթացքին, օդանաւը դէպի կողմ թեքել եւ զայն դարձնել:

Վերջապէս, հզօր շարժակներ կը հրեն օդանաւը դէպի վեր բարձրանալու ընթացքին, որպէսզի ան բարձրանայ եւ երկնքին մէջ մնայ:

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Օդանաւը…

0927_otanav-4… Անթոնով` Ան-225-ն է. անիկա ապրանքատար օդանաւ մըն է: Օդանաւին երկարութիւնը 84 մեթր է մինչ երկու թեւերուն երկարութիւնը կը հասնի աւելի քան 88 մեթրի: Պարապ վիճակի մէջ անիկա կը կշռէ 250 թոն: Ան -225-ը աշխարհի ամէնէն երկար եւ ամէնէն ծանր օդանաւն է: Անոր ահռելի ծանրութիւնը բաժնուած է 32 անիւներու վրայ:

* * *

Այս հսկայական օդանաւը կրնայ փոխադրել շատ ծանր եւ շատ մեծ ապրանքներ` երկար հեռաւորութիւններու վրայ: Անիկա շինուած է Ուքրանիոյ մէջ, 1988 թուականին: Այո օդանաւը տակաւին կը պահէ աշխարհի մէջ նման միակ օդանաւի մրցանիշը:

* * *

Էրպաս -Ա380, որ կը շինուի Եւրոպական Միութեան երկիրներու մէջ, աշխարհի ամէնէն մեծ ճամբորդատար օդանաւն է: Անիկա կրայ 400-850 ճամբորդներ փոխադրել: Ունի 73 մեթր երկարութիւն եւ 80 մեթր զոյգ թեւերու երկարութիւն:

 

Պէտք Է Ովկիանոսները Մաքրել

0927_ovguianos-1Պոյան Սլաթ 19 տարեկան հոլանտացի երիտասարդ մըն է: Ան գտած է ովկիանոսները «մաքրելու» միջոց մը:

Յունաստան ճամբորդութեան մը ընթացքին է, որ Պոյան անդրադարձած է, թէ վիճակը որքա՛ն ծանր էր: Երբ ան կը սուզուի ջուրերուն մէջ ովկիանոս հետախուզելու համար նշմարած է, թէ ձուկերէն աւելի աղբեր կային:

Ան կը հաւատայ, թէ անհրաժեշտ է անպայման բան մը ընել երկրին գեղեցկութիւնը պահպանելու եւ մտածելու երկրագունդին ապագային մասին: Երկու տարիներէ ի վեր ան կ՛աշխատի ովկիանոսները մաքրելու համար յատուկ ծրագիրի մը վրայ: Ան իր ուսումը ժամանակաւոր ձեւով դադրեցուցած է եւ որոշած է ուսումնասիրել այն հսկայական յորձանքները, որոնք կը գտնուին ովկիանոսներուն մէջ եւ աղբերու կոյտերը կը տեղափոխեն: Նոյն ժամանակ ան կազմած է գիտնականներու խումբ մը:

* * *

Երկու տարի ետք Պոյան կը մեկնի Նիւ Եորք` մեծ համագումարի մը ընթացքին իր ծրագիրը ներկայացնելու համար: Ովկիանոսները աղտոտող կերպընկալէ առարկաները գտնելու եւ հաւաքելու համար ան կ՛առաջարկէ շինել «հսկայական ձագար» մը` «Տը Օշըն Քլինափ»:

Իր այս ծրագիրը, որ բազմաթիւ մրցանակներ շահած է, կը կարօտի 2 միլիոն տոլարի: Բազմաթիւ անձեր արդէն հետաքրքրուած են այս ծրագիրով:

Ինչպէ՞ս

0927_ovguianos-2«Տը օշըն քլինափ» ունի կեդրոնական շարժակ մը, որ կ՛օգտագործէ այդ պտուտակաւոր ջուրի հոսանքներուն ուժը: Այդ հոսանքները աղբերը կը քաշեն դէպի ձագարը, ուրկէ անոնք չեն կրնար այլեւս խուսափիլ:

Մեքենան կազմուած 100 քմ երկար երկու ծփացող թեւերէ, որոնք իրենց կարգին ունին 3մ մեթր երկար ուղղահայեաց թեւեր, ովկիանոսին աղբերը բռնելու համար:

Այս մեքենան ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ. անիկա բնութիւնը կը յարգէ, երկար ժամանակ կը բանի եւ շահաբեր է: Մեքենան կը բանի միայն արեւուն ուժը օգտագործող տախտակներով:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Մէկ միլիոն թռչուն կը սատկի ամէն տարի` կերպընկալէ աղբեր կլլելով: Այս կերպընկալէ առարկաները անոնց համար որսի կերպարանք ունին:

Հազարաւոր կրեաներ կերպընկալէ տոպրակները կը շփոթեն ծովամայրերուն հետ. ծովամայրը կրեաներու նախասիրած ուտելիքն է: Այս ձեւով, այս տոպրակները կլլելէ ետք, կրեաները կը խեղդուին:

Ջուրին մէջ կերպընկալէ շիշ մը 450 տարիէն միայն կը փճանայ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

Լոնտոնի մէջ պաղպաղակի կառք մը միայն շուներու յատուկ պաղպաղակ կը ծախէ:
Լոնտոնի մէջ պաղպաղակի կառք մը միայն շուներու յատուկ պաղպաղակ կը ծախէ:
Օրանկութանները երբեմն տերեւներով սուլիչ կը շինեն:
Օրանկութանները երբեմն տերեւներով սուլիչ կը շինեն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աստղանաւորդ մը իր աղջկան անունին սկզբնատառերը գրեց լուսինին փոշոտ մակերեսին վրայ:
Աստղանաւորդ մը իր աղջկան անունին սկզբնատառերը գրեց լուսինին փոշոտ մակերեսին վրայ:
Գերմանիոյ կենդանաբանական պարտէզներուն մէջ կ՛ապրի կորիլլա մարդակապիկ մը, որ կրնայ պարանի վրայէն քալել:
Գերմանիոյ կենդանաբանական պարտէզներուն մէջ կ՛ապրի կորիլլա մարդակապիկ մը, որ կրնայ պարանի վրայէն քալել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Աշխարհի գրեթէ կէսը տակաւին վայրի վիճակի մէջ է:
  • Կարգ մը թռչուններ կը ձմեռեն:
  • Առաջին անգամ շուկայ իջնելէ առաջ, Այ-ֆոն բջիջային հեռաձայնը ճանչցուած էր «Փըրփըլ» անունով:
  • Հաուայեան մեծ կղզիին Քիլաուէ հրաբուխը ժայթքած վիճակի մէջ է 30 տարիներէ ի վեր:
  • Կապոյտ կէտը աշխարհի ամէնէն մեծ անասունն է: Սակայն գիտէի՞ք, թէ ան չի կրնար կլլել ծովու գնդակէ մը աւելի մեծ չափի ուտելիք:
  • Անջրպետի միջազգային կայանը շինուած ամէնէն սուղ առարկան է: Անոր շինութիւնը կարօտած է մօտաւորապէս 130 միլիառ տոլարի:
  • Աշխարհի ամէնէն արագ վազող մարզիկը կրնայ 100 մեթր վազքի մը ընթացքին յառաջացնել այնքան զօրաւոր ուժ մը, որ կրնայ բանեցնել գորք մաքրելիք մեքենայ մը:
  • Դլփինները կրնան ճանչնալ հին ընկերոջ մը սուլոցը, նոյնիսկ 20 տարի իրարմէ հեռու մնալէ ետք:
  • Նոյնիսկ ամբողջովին ճաղատ մարդիկ շատ մանր մազեր ունին իրենց գլխուն վրայ:
  • Մկանները կը կազմեն մեր ծանրութեան մօտաւորապէս կէսը:
  • Ափրիկէի առիւծները իրենց հետապնդած որսերուն միայն 25 առ հարիւրը կը բռնեն:
  • Մինչ շերեփագիները կը բռնին իրենց հետապնդած որսերուն 95 առ հարիւրը:
  • Գիտնականները կը մտածեն, թէ լուսինին վրայի ջուրը երկրագունդէն եկած է:
  • Քանդակագործ մը իսկական չափի աստղանաւորդի մը արձանը շինեց մէկ թոն կշռող չետըր պանիրի մէկ կտորով մը:
  • Ամէնէն մեծ ագեվազները կրնան կշռել չափահաս մարդու մը չափ:
  • Իտալիոյ մեծութեամբ մարած հրաբուխ մը գոյութիւն ունի Խաղաղական ովկիանոսին տակ:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին:
Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին:
Քանի՞ հովանոց կը տեսնես պատկերին մէջ:
Քանի՞ հովանոց կը տեսնես պատկերին մէջ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Սեպտեմբեր 1963)

Յաջորդը

Յասմիկ Պապեան. «Իսկական Հայրենասիրութիւնը Քո Տեղը Քեզնից Աւելի Լաւերին Զիջելն Է»

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.