Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի կ՛ունենան Ինշիոն-2014-ի ասիական խաղերը, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 4 հոկտեմբեր:
Քաթարի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը դուրս մնաց մրցաշարքէն, որովհետեւ կազմակերպիչները արգիլեցին անոնց լաչակով դաշտ ներկայանալ Նեփալի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:
Աղջկանց խումբին մրցաշարքէն քաշուիլը յայտարարեց քաթարեան պատուիրակութեան պատասխանատուն` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին:


