Գերմանական Շթութկարթ ֆութպոլի ակումբին մարզական տնօրէն Ֆրետի Պոպիչ պաշտօնանկ եղաւ «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի` Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն քանի մը ժամ առաջ, կը յայտնէ «Պիլտ»:
Կը հաղորդուի, որ մասնագէտը ակումբին այս որոշումին մասին տեղեակ եղած է հեռաձայնով:
«Պունտըսլիկա»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ Շթութկարթ 4 մրցումէ ապահովելով միայն մէկ կէտ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը:


