Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նիքիթա Սիմոնեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ շուտով պիտի տեսակցի երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչին` Ֆապիօ Քափելլոյի հետ, անոր հետ քննարկելով կարգ մը կարեւոր հարցեր, որոնք կը վերաբերին ազգային խումբին:
Պիտի քննարկուի նաեւ Անաթոլի Վորոպիովի առաջարկը:
Վորոպիով կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ հաւաքականի ֆութպոլիստներէն կազմել ակումբ մը, որ մասնակցի 2017-2018 տարեշրջանի երկրի ախոյեանութեան:


