Սպանական «ԱՍ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ 500 միլիոն եւրօ արժողութեամբ 20 տարուան համաձայնագիր մը պիտի կնքէ արաբական «IPIC» քարիւղի ընկերութեան հետ:
Այս համաձայնագիրը, որ հաւանաբար շուտով ստորագրուի, քարիւղի ընկերութեան իրաւունք պիտի տայ արքայական ակումբին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին անուանման մէջ ներառել անձնական վաճառանիշին անուանումը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ այդ գործարքէն ստացուելիք եկամուտը պիտի տրամադրուի մարզադաշտին վերակառուցման:


