Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ` տարբեր տեսակի մրցաշարքերու եւ իրադարձութիւններու վերաբերեալ:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 27 սեպտեմբերին Լիզպոնի մէջ (Փորթուգալ) տեղի ունենալիք միջերկրականեան երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնի տարեկան համագումարին` իբրեւ այդ ֆետերասիոնին փոխնախագահը, եւ այդ մէկը` Եւրոպայի ախոյեանութեան նախօրեակին:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ Ռիատի Պէյրութի տղոց եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց ակումբները իրենց մասնակցութիւնը բերին 10-13 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք միջերկրականեան երկիրներու ախոյեան ակումբներու առաջին ախոյեանութեան:
Յայտարարուեցաւ, որ գործակցութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, դեկտեմբերի առաջին կիսուն տեղի պիտի ունենան մարզիչներու Բ. կարգի յատուկ դասընթացքներ` հսկողութեամբ փինկ փոնկի միջազգային ֆետերասիոնին:


