Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ գերմանական «Պիլտ» կայքը կը յայտնէ, որ ՖԻՖԱ-ի անդամ Թէօ Ցվանցիկըր յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած է. «Կը կարծեմ, որ 2022-ի Մոնտիալը տեղի պիտի չունենայ Քաթարի մէջ, որովհետեւ այդտեղ բաւական դժուար պիտի ըլլայ կազմակերպել աշխարհի այս ախոյեանութիւնը` եղանակային պատճառներով:
Նախքան անոր այս յայտարարութիւնը կատարելը, ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Ճոնի Ինթանֆիքօ ըսած էր, որ մարտ 2015-ին պիտի յստականայ Քաթարի ճակատագիրը:


