Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտին Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Եւ Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճները

September 25, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0924_yeghisheԵրէկ` չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2014-ին Լիբանանի Ազգային վարժարաններուն մէջ սկսաւ վերամուտը: Ամրան երկար արձակուրդէն ետք բոլոր աշակերտները խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ վերադարձան իրենց վարժարանները` վերստին միանալու իրենց դասընկերներուն եւ յաջող տարեշրջան մը բոլորելու յոյսով:

Այս առիթով Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճները:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ առաջնորդ սրբազանը դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ: Վարժարանի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան բարի ու յաջող վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն եւ կարդաց վերամուտին առիթով աշակերտներուն ուղղուած սրբազան հօր խօսքը (նշենք, որ բոլոր ազգային վարժարաններուն մէջ կարդացուեցաւ սրբազան հօր նշեալ պատգամը):

Սրբազան հայրը խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ կրթական տարեշրջանի ընթացքին 2 դժուար օրեր կան բոլոր աշակերտներուն համար, առաջինը վերամուտի առաջին օրն է, որովհետեւ ամառնային արձակուրդէն ետք կրկին կը վերադառնաք օրինապահ կեանքին, դպրոցական առօրեային, որ տարբեր է ամառնային ազատ ժամանակամիջոցէն: Երկրորդ ամէնէն դժուար օրը աշակերտին համար տարեփակի առիթն է, երբ լման տարին դասընկերներով ամբողջացնելէ ետք աշխատանք մը, կը փակուի դպրոցը եւ կը սկսի արձակուրդը: Սրբազանը եզրափակելով իր խօսքը բարի եւ յաջող վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն, բարի կրթական տարի եւ արդիւնաւոր աշխատանք մաղթեց տնօրէնութեան:

IMG_2974Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը ուղղուեցաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ: Քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան ողջունելէ ետք սրբազանի ներկայութիւնը մաղթեց, որ 2014-2015 կրթական տարին ընթանայ խաղաղ պայմաններու մէջ եւ տարեշրջանը սկսի տոկունութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ համբերութեամբ: Ապա ան բեմ հրաւիրեց 7-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք միացած են դպրոցին, բարի գալուստ մաղթեց անոնց եւ յուշանուէրներ յանձնեց: Այնուհետեւ 10-րդ դասարանէն Քարոլ Կարապետեան եւ Անժելինա Սարգիսեան մեկնաբանեցին բանաստեղծական կտորներ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ դպրոցը ուսում ստանալու եւ գիտութիւն ամբարելու վայր է, սակայն հայ դպրոցը կու տայ հայ ժողովուրդի նկարագիրը, եւ հայ դպրոցին մէջ աշակերտը մտքով, սրտով, հոգւով, ապրումներով, երազներով եւ իղձերով հայ կը դառնայ: «Մենք հայրենիքէն դուրս ենք, սակայն հայ դպրոցը մեզի համար հայրենի հող է: Այստեղ պիտի սորվինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենասիրութիւն», շեշտեց սրբազանը` բեղուն եւ յաջող տարեշրջան մը մաղթելով բոլորին:

 

Նախորդը

«2015 Թուականը Ոչ Թէ Հայոց Պահանջատիրութեան Սահմանագիծն Է, Այլ Ազգային Վերազարթօնքի Նոր Հանգրուանը»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Զօրակցի Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Շարունակումին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.