Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուած Օրհնէ Կրթական Այս Նոր Տարեշրջանը Եւ Յառաջիկային Համար Մեզ Դարձնէ Աւելի Լաւատես, Յարատեւ Եւ Վստահ

September 24, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

PanossianՔաղցր զգացումներով եւ արդիւնաշատ տարի մը ունենալու ակնկալութեամբ կ՛ողջունենք կրթական նոր տարեշրջանի մը վերամուտը եւ այս առիթով ի սրտէ կը ցանկանք, որ ազգային մեր վարժարաններու ապահով երդիքին տակ համախմբուի ու հայ դպրոցին առողջ առաջնորդութեան յանձնուի լիբանանահայ մեր մատղաշ սերունդին ամբողջութիւնը:

Վերամուտի այս հանգրուանին, անհրաժեշտ կը համարենք յիշեցնել հայ ծնողներուն, որ իմաստութեամբ եւ ազգային խորունկ գիտակցութեամբ վարուին իրենց զաւակներու կրթութեան հարցին հետ եւ անդրադառնան, որ առանց հայ դպրոցին, մեզ ողողող համաշխարհային մշակոյթներու եւ բարքերու ազդեցութեանց դիմաց, կարելի չէ ազգային հոգի կերտել ու պահպանել մեր զաւակներուն մէջ:

Հայ դպրոցը, մեր ազգային գոյութեան ու յաւերժութեան նուիրական երաշխաւորն է: Սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, անով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը եւ մենք պարտինք գիտակցիլ, որ մեր զաւակներուն հոգիներուն հարազատ դարբնոցը կրնայ ըլլալ միայն հայ դպրոցը, որ տասնեակ սերունդներ դաստիարակելու փորձառութեամբ հարստացած, իր նուիրական առաքելութիւնը կը շարունակէ մեր հաւաքականութեան մէջ:

Վերամուտի այս հանգրուանին, անհրաժեշտ կը համարենք նաեւ յիշեցնել բոլորին, թէ հակառակ տեսակաւոր դժուարութիւններու ու մեր կեանքին մէջ տիրող քաղաքական դժուարին ու անստոյգ պայմաններուն, հայ վարժարանը չէ թերացած իր առաքելութեան մէջ: Հայ վարժարանը ուժասպառ չէ, այլ կը մնայ նուիրեալը իրեն վստահուած ազգապահպանման գործին եւ յախուռն ընթացքով կը շարունակէ առողջ կրթութիւն եւ ազգային շունչ փոխանցել  մեր զաւակներուն:

Այո՛, շատերուն մօտ նուազած է հայ դպրոցին հետ գործակցութեան ոգին, շատերու խղճմտանքին մէջ այսուհետեւ ներկայ չէ հայ դպրոցը, որուն գոյութիւնն ու արդիւնաշատ գործունէութիւնը կախեալ են մեր միահամուռ մասնակցութենէն, գուրգուրանքէն ու հոգածութենէն, այլ սակայն, հայ դպրոցը մխիթարութիւն եւ ոգեւորութեան առիթ կը մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք կը գիտակցին իրենց ինքնութեան եւ առիթ կ՛ընծայեն, որ հայ դպրոցով, իրենց զաւակներու սրտերուն եւս հասնի հայ դարերու հարազատ հոգին:

Վերամուտի այս հանգրուանին եւ ի գիտութիւն բոլորին, կու գանք յայտնելու, որ հայ վարժարանին կողքին ըլլալու վճռակամութեամբ, Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանս հաւատքով ձեռնարկած է աշխատանքի մը, որպէսզի մեր սերունդին նուիրումովն ու աշխատանքովը, հայ դպրոցը առաւել եւս ոգեւորուի ու վերակենդանանայ ու նոր պայմաններու մէջ իր կոչումը շարունակէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Կ՛ակնարկենք Պուրճ Համուտի ծոցին մէջ բարձրացող Ազգային միացեալ վարժարանին, որուն մէջ կը յուսանք յառաջիկայ տարեշրջանին տեղադրել լիբանանահայ կեանքին մէջ մեր ժողովուրդին ունեցած հարիւրամեայ կրթական հարուստ փորձառութիւնն ու աւանդը:

Արդարեւ, անտեսելով մեր դիմաց գտնուող նիւթական մտահոգութիւններն ու հսկայական մարտահրաւէրները, հայ դպրոց կերտելով, մենք կը ջանանք առաւելաբար զգալ եւ տեսնել այն, ինչ որ զգացին ու տեսան մեզ նախորդող հայ վարժարան կերտող ու պահող սերունդները:

Մենք համոզուած ենք, որ մեր սերունդն ալ արժանի հետեւորդն է դպրոց կերտող եւ զայն արժանաւորապէս պահող նախորդ սերունդներուն: Մենք կը հաւատանք, որ մեր սերունդն ալ տէր է բարոյական խիզախութեան եւ կրնայ իր նուիրաբերումով հայ վարժարան կառուցել, որպէսզի գալիք սերունդները եւս առողջ կրթական կեանքով ու աւելի յստակ քայլերով շարունակեն պահել ինքնութիւն եւ ազգային դիմագիծ ու շունչ:

Աշխատանքի յարատեւ եռանդ, ներդաշնակ ճիգ եւ փայլուն յաջողութիւն մաղթելով լիբանանահայ մեր վարժարաններուն, կու գանք աղերսելու, որ բարին Աստուած օրհնէ կրթական այս նոր տարեշրջանը եւ յառաջիկային համար մեզ դարձնէ աւելի լաւատես, յարատեւ եւ վստահ:

Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Սեպտեմբեր, 2014

Նախորդը

Յունաստան Երրորդ Երկիրն Է, Որ Կը Քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.