Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Պետականութեան Մեծագոյն Յաղթանակը Պիտի Ըլլայ Ամրապնդել Հայրենիքի Հանդէպ Վստահութիւնը (Հայաստանի Վերանկախացման 23-Ամեակ)

September 22, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Աշխարհաքաղաքականութիւնը ուժերու յարաբերակցութեան վրայ հիմնուած խաղ է: Ո՛չ մէկ սկզբունք (Մատրիտեան թէ այլ), որքան ալ բարենպաստ ըլլայ ան, չի կրնար երաշխաւորել որեւէ ժողովուրդի անվտանգութիւնը»:

ԺԵՐԱՐ ՏԻՒՄՈՆԻ
(Սորպոն համալսարանի ժողովրդագրութեան դասախօս)
«Ազդակ»,  օգոստոս 2014:

MHM60783Երեւութապէս հակասական, բայց խորքով զիրար լրացնող միտքեր կարելի է նշմարել խորագիրին եւ մէջբերումին մէջ: Անոնք այլապէս ալ կը պարփակեն մարդկայնական արժեչափերու առընթեր ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ գաղափարական հնչեղ մօտեցումներ:

Յայտնապէս ներկայ ժամանակներու բարեհունչ եզրեր ընդգրկող բառեր չեն ազգ¬հայրենիք ու ժողովուրդ¬հաւատք  բառակապակցութիւնները, որովհետեւ համաշխարհայնացման գործընթացներու գլխապտոյտ ուղղութիւնները կը յանգին հոն, ուր գերակշռողը բացառաբար  առեւտրական-տնտեսական շահերու բիրտ բախումներն են` համայնակուլ, հրէշային եւ ազգակործան ծրագիրներու բացարձակ տիրակալութեամբ:

Եւ այս թոհուբոհին մէջ թաւալգլոր եւ քաոսային վիճակներու թատերաբեմ կը դառնան ինքնահաստատ երկիրներն ու պետականութիւն ունեցող ժողովուրդներ, որոնք հակառակ իրենց անցեալի հարուստ  պատմութեան`  զոհ կը դառնան բարբարոս ոտնձգութիւններու:

Հաւանաբար, վերոնշեալ մտածումներուն միակ ընդգծելին այն է, որ մեծապետական խելացնոր հակամարտութիւններու ներկայ փուլին` ա՛լ վերջ գտած են այսպէս ըսած որոշակի չափանիշներ եւ մօտեցումի եղանակներ, տողատակի ըմբռնումներ եւ լռելեայն հասկացողութիւններ:

Այսպէս, ա՛լ ինչ խօսք միջպետական համաձայնագիրներու եւ քարտէսագրուած իրողութիւններու մասին, երբ համայն մարդկութիւնը ականատես է ոչ միայն հազարամեակներու անցեալ ունեցող ազգերու պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան կործանումին, այլեւ` մարդ տեսակի ընդմիշտ ոչնչացումին:

Փաստօրէն, մարդկային ոլորտի, քաղաքական հաշուարկներու թէ ռազմական գործողութիւններու մասին ներկայացուած գրեթէ բոլոր առարկայական եւ անկողմնակալ փորձագիտական վերլուծութիւնները կը հաստատեն, որ կ՛ապրինք Համաշխարհային Գ. պատերազմի թոհուբոհի արանքին, այս անգամ թէեւ միջանկեալ, բայց սարսափազդու պատերազմներու բռնկումով:

Արդ, ընդունի՞լ այն տեսակէտը, որ կ՛ըսէ, թէ երրորդ հազարամեակի հետագայ տասնամեակները յագեցած պիտի ըլլան ազգամիջեան եւ ցեղային փոխադարձ բնաջնջումի եւ անհակակշիռ պատերազմներով, որոնց դիպաշարային արտայայտութիւններէն են ծայրայեղ իսլամութեան գործած անմարդկային ոճիրները: Թէ` լուռ պէտք է հետեւիլ իրադարձութիւններուն` հաշուի առնելով գերհզօր պետութիւններու կամայական վարքագիծերն ու հրէշային ծրագիրները:

Համոզուած ենք, որ ազգն ու հայոց պետականութիւնը պարտաւոր է պատասխանել նման հարցադրումներու եւ առարկայականօրէն, յանուն վերանկախ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորման:

Յայտնենք, թէ ասիկա յոռետեսական եւ կամ խուճապի մօտեցում չէ, այլ առկայ հարցերու լուրջ հանգամանքը ըստ էութեան քննութեան ենթարկելու հրաւէր եւ հետագայ ընելիքներու մասին` մտածական տարածք ստեղծելու եւ գործելու հրամայական պահանջ, որ իր կարգին կ՛ենթադրէ ազգային քաղաքական հասունացման մակարդակ, որակային գործընթացներու որդեգրում եւ յստակատեսութիւն:

Կը կարծենք, որ այսուհետեւ բաւ պէտք է համարել ամէն քայլափոխի յորդորներու եւ մաղթանքներու տարափը, մենք մեզ խրախուսելու ճիգը, կարգախօսային եւ զգացականութեան շղարշով  սերունդներ դաստիարակելու հնամաշ մօտեցումները, եւ, այլեւս պէտք է լծուինք ազգովին` 23-ամեայ վերանկախացած հայրենիքին իրական հզօրանքին` ազգային¬պետական բոլոր մարզերուն մէջ:

Այս առումով պակսողը լոկ հաւաքական կամեցողութիւնն ու հաւատքն է (իմա` համահայկական կեցուածք ու վճռակամութիւն ճշդելու ռազմավարական մտածողութիւնը):

Այլ խօսքով, ցանկութիւններու հրմշտուքն ու տեղայնական տկլոր գործընթացներու յամեցումը ոչ մէկ արդարացի պատճառներ ունին, ի տես աշխարհաքաղաքական թաքուն վարքագիծերու գրեթէ ամէնօրեայ բացայայտումին:

Միւս կողմէ, իրապաշտօրէն պէտք է յայտնենք, որ վերանկախ Հայաստանի եւ ազատագրուած Արցախի օրըստօրէ բարգաւաճումը, տարբեր ոլորտներու մէջ ինքնահաստատումը, ինքնակառավարման թէ պետական համակարգի առաւել խարսխումը հիմնարար արժէքներ եւ ամուր պատուանդաններ են մեր երազած զոյգ հանրապետութիւններու ամրապնդման, առաւել ծաղկումին եւ հզօրացման:

Անկեղծ ասած, իւրաքանչիւրիս մտահոգութիւնն ու մտասեւեռումը կը մնայ այն, թէ հայոց պետականութիւնը իր ժողովրդավար կարգերով եւ ազգային մտածողութեամբ, տակաւին չէ կրցած թօթափել անցեալի տխուր եւ վարկաբեկիչ մտայնութիւնը` տեղայնամտութիւնը, մաշկ փրկելու թրքավարի մօտեցումն ու հոսհոսային մտադրութիւնը, որոնց դէմ ազգը պայքար շղթայազերծեր է  հարիւրամեակներէ ի վեր:

Մասնաւորելու համար ըսուածները յիշեցնենք, որ հայրենի պետականութիւնը, ճիշդ է, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ առաւելագոյնս օգտուելու ընձեռուած բոլոր կարելիութիւններէն (ազգային թէ միջազգային), յանուն վերանկախացած Հայաստանի բարգաւաճումին, այդուհանդերձ, կոտտացող ցաւ է տեսնել նոյնինքն հայրենի հողին վրայ անօթեւաններ, անգործներու եւ աղքատներու փաղանգներ, յոյսն ու հաւատքը կորսնցուցած հայորդիներ, բայց մանաւանդ` հայրենիքը լքողներ, որոնց համար պատառ մը հացի փնտռտուքը միանշանակ դարձած է գոյութենական պայքարի միջոց, ուր եւ իրերայաջորդ սերունդի ներկայացուցչութիւններ ապաստան կը գտնեն օտարութեան գիրկը:

Աւելի՛ն. մարդ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ինքզինք համոզել վերոնշեալ ազգային աղէտներուն առընթեր, սակաւապետներու եւ բարձրագոյն մակարդակի չարաշահներու գոյութիւնը, երբ համեմատաբար շատ փոքր խաւ մը թաղուած է զեխ ու շռայլ կեանքի տիղմին մէջ:

Փաստօրէն, փոխանակ տարուէ տարի սրբագրելու պատահած անախորժ, ազգադաւ եւ լպիրշ երեւոյթները, սփիւռքահայուն ու Արարատի կարօտով ապրող հայորդիին հոգեկան աշխարհը աւելի կ՛ալեկոծի, աւելի կը մթագնի եւ հիասթափութեամբ կը լեցուի:

Բաւարար է բարձրաձայն եւ քաջաբար յայտարարել, որ հայոց պետականութիւնը ցարդ ձախողած է կասեցնել հայրենիքը լքողներու ծանրակշիռ հոսանքը, որուն թուային պատկերը կրնայ շշմեցնել ոեւէ սրտցաւ հայ, երբ պաշտօնական վիճակագրութիւններ անգամ առանց չքմեղանքի լոյսին կը բերեն արձանագրուած ճշմարտութիւններ:

Յաճախ կ՛ակնարկուի գիւղատնտեսութեան եւ այս մարզի յարակից տարբեր աշխատանքներու զարգացման մասին, սակայն, Հայաստանի հողին վրայ անմշակ կը մնան անծայրածիր հողեր:

Ամէն առիթի անդրադարձ կը կատարուի արհեստներու, մանր առեւտուրի թէ մրցունակ տնտեսական համակարգի ամրապնդման, սակայն յամեցող կը մնան տուեալ մարզերու զարգացումը ապահովող տնտեսագիտական թէ ճարտարագիտական նախաձեռնութիւններ:

Շինարարական մարզերու արագընթաց աճն ու տարողութիւնը միայն Երեւանով պէտք չէ սահմանափակել, երբ մայրաքաղաքէն քիչ հեռու Հայաստանի զաւակներուն զլացուած են տարրական իրաւունքներ:

Ցաւ ի սիրտ, հայոց թշնամիները շատ անգամ ծիծաղով եւ թմբուկով կը շեփորեն Հայաստանի դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական, ժողովրդագրական թէ այլ դժուարութիւններուն մասին, որոնց առաւել խորացումով` անոնք օր մը քայքայուած Հայաստան կը յուսան տեսնել:

Այո՛, այս բոլորով հանդերձ մեր հայրենիքը կը յառաջդիմէ, թէկուզ  ջախջախիչ մեծամասնութեան մը տառապանքին հաշուոյն: Կը բարելաւէ կեանքը, կը վերակերտէ ինքզինք, կ՛ամրապնդէ բարոյահոգեբանական իր աշխարհն ու մշակութային նուաճումները եւ կը զարգանան սերունդներ:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի քաղաքական հարթակին, ժողովրդավար կառուցուածքին ու բազմաոլորտ աշխատանքներուն, թէեւ իտէալական ըլլալէ հեռու է, այդուամենայնիւ, հայրենի դիւանագիտական համակարգը լրջօրէն կը գործէ միջազգային պատուանդանի վրայ, մուտք գործած է բազմազգեան համաձայնագիրներու դարպասէն ներս, ըստ կարելւոյն կը պաշտպանէ Հայաստանի ու հայութեան շահերը, եւ ձեւով մը վաստկած է իր ուրոյն դերն ու տեղը միջպետական գործակցութիւններու համակարգին մէջ:

Այլ հարց, թէ այնքան ատեն որ մեծապետական հաշուարկներու յորձանուտին մէջ որեւէ պետականութիւն չ՛ունենար որոշակի ներդրում, հիմնական լծակներ եւ ուղղակի նախաձեռնութիւններ, պիտի դիմագրաւէ բազմապիսի ճնշումներու, սադրանքներու եւ արգելքներու տեսականի, ինչ որ պիտի խորացնեն որեւէ երկրի կախեալ ըլլալու վիճակը, պիտի խոչընդոտեն երկրի բազմակողմանի բարգաւաճումն ու ինքնուրոյն քաղաքական հայեացքներ ունենալու յոյժ կարեւորութիւնը:

Այլ խօսքով, անյետաձգելին այն է, թէ հայ քաղաքական միտքը  իր պետական  մտածողութեան ու հասարակական շրջանակներու քաջալեր օժանդակութեամբ պարտաւոր է ազգային գերյագեցած կողմնորոշում ցուցաբերել, հայութեան երազներու առանցք դառնալ, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան երաշխիքը հանդիսանալ, բայց մանաւանդ ներշնչող ու մղիչ ուժը ըլլալու  հաւաքական պատասխանատուութեամբ ի կատար ածել համահայական տենչերն ու փրկարար ծրագիրները:

Հայ պետական մտածողութիւնը իր տարբեր արտայայտութիւններով պարտաւոր է գիտակցիլ, թէ հզօր Հայաստան մը միայն պիտի կարենայ դիմակայել ներկայ ու հետագայ աշխարհաքաղաքական սադրանքներն ու խաղերը, եւ պահել ու պաշտպանել հազարամեայ հայրենիքի այս կտորը, որուն գոյութեամբ ազգը պիտի կարենայ հասնիլ Արարատին եւ ամբողջական Հայաստանին:

Արդի ժամանակներու քաղաքակրթական նուաճումներ ունեցող երկիրներ, ապաւինելով իրենց ազգային ներուժին եւ ապագայակերտ յանձնառութիւններուն, կրցան շրջանցել տեղայնամիտ վարքագիծերու եւ նկրտումներու պատուհասը եւ ամրապնդեցին իրենց հաւաքական կեանքի հզօրացումը:

Փաստ է, թէ ժպտախառն քաղաքական դիմագծութիւններ մեզ տեղ չեն հասցներ, որովհետեւ հայոց թշնամիները սպառազինուած են ոչ միայն խորամանկ եւ սադայելական ախորժակներով, այլեւ բարբարոս եւ հայասպան ռազմավարական հայեցակարգով:

Մեր պարագային խարսխենք հայրենիքի նկատմամբ հաւատքն ու վստահութիւնը, որպէսզի կարենանք տասը միլիոն հայութեամբ ի հարկին մահուամբ պաշտպանել բոլորիս Հայաստանն ու Արցախը, որոնց շուրջ կը սաւառնին յօշոտող ու վայրագ մեծապետական ծրագիրներ:

Արդ, շուտափոյթ լծուինք ստեղծելու այն պաշտպանական համակարգը, որ պիտի կասեցնէ քաղաքական, դիւանագիտական թէ զինուորական աճպարարութիւնները, եւ յանուն Արարատին հաստատագրենք հայաստանակեդրոն մեր դարերու երազանքը:

Իսկ այդ երազանքին երաշխիքը հայոց պետականութիւնն է, որուն շուրջ պէտք է համախմբուի հայութիւնը` իր տասը միլիոն թուահամարով:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Դիմագրաւած Ընկերային Մարտահրաւէրները Եւ Բռնութեան Երեւոյթները

Յաջորդը

«Հայաստանը Դարձեալ Անկախ Է 23 Տարիներէ Ի Վեր` Իբրեւ Վահան Հայ Ժողովուրդի Յաւերժութեան»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.