ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 23-ամեայ անկախութիւն ունենալէ աւելի` ունի դարաւոր անցեալ, որուն շնորհիւ հայութեան համար Հայաստանը թէ՛ հայրենիք է եւ թէ՛ հանրապետութիւն: Իսկ Հայաստան հասկացողութիւնը յաղթանակներ ու պարտութիւններ կրած հողաշերտէ աւելի զանազան ճնշումներու ենթարկուած ժողովուրդի հատուած մըն է, որուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի իր շրջափակուած սահմաններէն դուրս, քան ներս, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պատճառներով: Առ այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրավիճակը հետեւանքն է մինչեւ հիմա իր ժողովուրդին հաւաքական ինքնութեան մէջ խտացուած ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, նոյնիսկ բնական արհաւիրքներուն, ինչպիսիք են` պատերազմները, Ցեղասպանութիւնը, երկրաշարժը, մութ ու ցուրտ տարիները, փտածութիւնը եւ այլն:
Ներկայ Հայաստանը կը դիմագրաւէ ընկերային, մշակութային, հասարակական եւ քաղաքական զանազան դժուարութիւններ, որոնք թէ՛ կը բխին հասարակութենէն եւ թէ՛ կը թափին նոյն հասարակութեան գլխուն` մեծ ազդեցութիւն ձգելով ժողովուրդին վրայ:
Սեռային Անհաւասարութիւն
Ըստ Միջխորհրդային միութեան կայքին, Հայաստանի կառավարութեան միայն 10,7 առ հարիւրը կիներ են, իսկ ըստ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ կիներու ներկայութիւնը նուազ քան 9 առ հարիւր է:
Կառավարական օղակներուն մէջ կիներու թիւին ցած համեմատութիւնը ոչ միայն կը վնասէ հասարակութեան մէջ կիներու հեղինակութեան, այլ նաեւ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ամբողջ երկրին բարգաւաճման վրայ: Կիներու հաւասար եւ արդար ներկայութիւնը կառավարութեան մէջ կարեւոր է, որովհետեւ ընկերութիւնը դուրս կը բերէ հայրիշխանական դրութենէն, կիներուն կու տայ իրենց կարողութիւնները դրսեւորելու գործելադաշտ եւ անոնք երկրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու իրաւունքը կը վերագտնեն: Կիներուն արդար ներկայութիւնը կառավարութեան մէջ նաեւ առիթ կ՛ընծայէ անոնց ճկունութիւնը օգտագործելու թէ՛ կիներու եւ թէ՛ մանուկներու իրաւունքներուն ձեռքբերման մէջ` նկատի ունենալով, որ անոնք քաջատեղեակ են իրենց դէմ կատարուած բռնութիւններուն եւ հարազատ ձայնով կը բարձրացնեն իրենց մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնք աւելի լաւ կը գիտակցին երեխաներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, այնքան ատեն որ կինը կը մնայ ընտանիքին եւ մանուկներուն հիմնական խնամատարը:
Ընտանեկան Բռնութիւն
Սեռային անհաւասարութիւնը կ՛արտացոլայ նաեւ ընկերային կեանքին մէջ: Հայաստանի մէջ կ՛արձանագրուին ընտանեկան բռնութիւններու բազմաթիւ դէպքեր, որոնց մեծամասնութիւնը կը մնայ քողարկուած` ամօթի ծածկոյթին ետին: Այնուամենայնիւ վերջին տարիներուն եւ շնորհիւ Հայաստանի մէջ կիներու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններուն, ընտանեկան բռնութիւններու դէպքերուն մասին ձայն կը բարձրացնէ հասարակութիւնը եւ կը պայքարի բռնութեան դէմ:Այս կազմակերպութիւնները աջակցութիւն կը ցուցաբերեն ընկերային բռնութեան զոհ դարձած կնոջ եւ անոր կը տրամադրեն իրաւական օժանդակութիւն: Ընտանեկան բռնութիւններու հրատապ դէպքերէն են նաեւ սաղմի սեռին վրայ հիմնուած վիժումները: Հայաստան տակաւին կը դիմագրաւէ տղայ զաւակի ծնունդի նախընտրութեան հիման վրայ կատարուած վիժումներու եւ աղջիկ նորածիններու սպանութիւններու հարցը: Ասիկա ոչ միայն ընկերային հարց է, այլ նաեւ` բժշկական ճիշդ մեթոտներու բացակայութեան պատճառով, հարց է նաեւ կնոջ առողջութեան համար, եւ կը վնասէ անոր թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ ֆիզիքական առողջութեան:
Ընտանեկան բռնութիւններու հասկացողութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ կիներուն ուսերուն վրայ դրուած ընտանիքին հոգատարութիւնը` իրենց ամուսիններուն երկրէն բացակայութեան պատճառով: Այսինքն, երբ ամուսինը, ապահովելու համար իր ընտանիքին ապրուստը, ստիպուած կ՛ըլլայ գաղթելու ի մասնաւորի դէպի Ռուսիա, յաճախ չի վերադառնար միանալու համար իր ընտանիքին: Այս պարագաներուն, կինը կը մնայ իր ընտանիքին միակ մատակարարը երկրի մը մէջ, ուր կիները ընդհանրապէս հաւասար իրաւունք չունին աշխատելու ու վարձատրուելու, եւ ընտանիքը կը մնայ չքաւորութեան սահմաններուն մէջ:
Սեռային Փոքրամասնութիւններուն Դէմ
Բռնութիւն
Անհատներու սեռային կողմնորոշումներուն հիման վրայ կատարուած բռնութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 2012-ին «Տի. Այ. Ուայ.» գիշերային զբօսավայրին վրայ կատարուած յարձակումով:Ատելութեան վրայ հիմնուած այս յանցագործութեան արմատներն են հայրիշխանութիւնն ու այլատեացութիւնը: Հայաստանի մէջ սեռային փոքրամասնութիւնները կ՛ապրին ֆիզիքական վտանգի տակ եւ ազատօրէն չեն կրնար լիակատար գործել ընկերութեան մէջ, երբ բացայայտուին անոնց սեռային կողմնորոշումները: Սեռային փոքրամասնութիւններուն պաշտպան կը կանգնի «ՓԻՆՔ Արմինիա» կազմակերպութիւնը, որ սեռական առողջութեան կեդրոն է եւ կը պայքարի սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար: Սեռային փոքրամասնութիւններուն դէմ ատելութիւնը կը բազմապատկէ սեռային կողմնորոշման հիման վրայ կատարուած բռնութիւնները, ոճրագործութիւնները եւ ընկերութենէն կը հեռացնէ միասեռականը: Աւելի՛ն, այլատեացութիւնը պատճառ կը դառնայ միասեռականներուն մօտ մտային եւ հոգեկան հիւանդութիւններու յառաջացումին, որովհետեւ անոնք կը դառնան ընկճուածներ եւ անոնց մօտ անձնասպանութեան համեմատութիւնը կը բարձրանայ:Այս այլամերժութիւնը արգելք կը հանդիսանայ ընկերութեան յառաջդիմութեան, քանի որ հասարակութիւնը կը հիմնուի «միատեսակ» ըլլալու սուտին վրայ:
Բանակին Մէջ Կատարուած Բռնութիւններ
Հայաստանի մէջ ամէնէն քիչ խօսուած բռնութիւնները կը կատարուին բանակին մէջ: Ըստ Սէյֆ Սոլճըրզ (ապահով զինուորներ) կայքին, 2013-2014 թուականներուն ընթացքին բանակին մէջ արձանագրուած են 9 անձնասպանութեան դէպքեր, 11 դժբախտ պատահարի պատճառով մահեր եւ 8 սպանութեան դէպքեր: Բանակին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը արտացոլումն են արտաքին կեանքին փտածութեան: Բռնութիւնները եւ իշխանութեան պայքարը պատճառ կը դառնան, որ բանակը ըլլայ անապահով եւ երիտասարդներ լծակներ գտնելով խուսափին ծառայութենէն: Ասիկա իր կարգին պատճառ կը դառնայ, որ ժողովուրդին կողմէ բանակին նկատմամբ հաւատքը նուազի եւ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենայ մանաւանդ տակաւին պատերազմի մէջ գտնուող երկրին անվտանգութեան վրայ:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բռնութիւններու շարքը կրնայ աւելի երկար ըլլալ: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ արձանագրուող բռնութեան այս դէպքերը հայելին են տարիներ շարունակ բռնութեան ենթարկուած Հայաստանին: Առ այդ, անոնց սրբագրումը կարիքը ունի երկար ժամկէտի եւ պատմութեան ընկալման: Դիւրին չէ դարեր շարունակ օտար տիրապետութիւններու տակ մնացած ըլլալ եւ մէկ օրէն միւսը անկախութիւն ստանալով դառնալ անկախ պետութիւն: Այնքան ատեն որ հասարակութիւնը անկախացած չէ անցեալի վէրքերէն, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը կը մնայ տօնակատարութիւններու սահմաններուն մէջ:


