ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Շուտ կորսնցուցինք Զարուկը, ծառայելու պատրաստակամ Զարուհի Գազեզեան-Գալեմքերեանը:
Նոր Մարաշ ծնած, աղջիկն էր բնիկ մարաշցի ծնողքի: Իր նախակրթութիւնը ստացած էր Նոր Մարաշի Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, ապա բախտը ունեցաւ մուտք գործելու Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս, յաջողութեամբ աւարտելով 1960-ին:
Կարճատեւ ժամանակ մը Զարուկ վարեց ուսուցչական պաշտօն: Ամուսնացաւ Հայաշէնի բնակիչ Հրանդ Գալեմքերեանին հետ:
Համերաշխ ընտանիքի մը մայր դարձաւ երեք զաւակներու` Հուրի, Գոհար եւ Անդրանիկ: Մայրական-ընտանեկան պարտականութիւնները կատարելով հանդերձ, ծառայեց նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, նախ անդամակցելով ԼՕԽ-ի Հայաշէնի մասնաճիւղին, ապա` մաս կազմելով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մինչեւ իր վաղաժամ մահը:
Նախանձախնդիր էր ան մեր ազգային կառոյցներու բարգաւաճման: Յանձնառու հայուհին էր, կը հետաքրքրուէր նաեւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եկեղեցասէր տիկնանց գործունէութեամբ:
Յարատեւ ընթերցող մըն էր «Ազդակ»-ի մեր մամուլին, նաեւ կը կարդար նոր լոյս տեսած գիրքեր, որոնց մասին կու տար իր գնահատանքը:
Ներկայութիւն էր մեր հանդիսասրահներուն մէջ` ազգային, մշակութային, ընկերային մեր ձեռնարկներուն հետեւելու: Հայաշէնցիի յատուկ պարտականութիւն կը նկատէր մեր հանդէսներուն ներկայ ըլլալը, ընկերակցութեամբ նոյնքան հաւատաւոր ընկերուհիներու` Արշակուհի Տէր Խաչատուրեանի եւ Վերժին Բանիկեանի:
Իր վերջին այցելութիւնը տուաւ «Ազդակ»-ի 2014-ի մեծ պահոց օր մը` իրեն հետ բերելով հայկական համեղ գաթայ, ի հիւրասիրութիւն թերթի անձնակազմին:
– Հայաշէնի պատրաստութիւն է, անո՛ւշ ըլլայ,- ըսաւ ան ժպտալով: Նոյն առիթով ինձմէ խնդրեց իմ վերջին գիրքս` աւելցնելով.
– Ուզեցի այցելութեանս առիթով առնել գիրքդ, կը ներես, որ քիչ մը ուշացայ:
Պարկեշտ, խոնարհ, ազգասէր, օրինակելի հայուհի մը, որ իր շուրջ սփռեց ճեմարանականի իր վայելչութիւնը եւ մշակոյթի այս օճախէն սնած իր լոյսը:
Ափսո՜ս, որ յամառ հիւանդութիւն մը չխնայեց` հեռացնելով զինք ընտանեկան բոյնէն եւ իր պաշտած ազգային բոլոր հաւատալիքներէն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Զարուկ:


