Այս օրերուս մահը կարծէք ճակատ բացած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչին հետ եւ սկսած ԼՕԽ-ի ընտանիքէն խլել ընկերուհիներ` զանոնք միացնելով տերեւաթափի հոսանքի մը…
Մեր երէց ընկերուհիները, ցաւօք սրտի, սկսած են հեռանալ այս աշխարհէն, սակայն` իրենց ետին ձգելով բեղուն ծառայութիւն եւ կատարուած հսկայական աշխատանք: Անոնք միշտ ալ պիտի յիշուին իրենց ընկերուհիներուն կողմէ, այնքան ատեն որ կը գոյատեւէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը:
Իմանալով ընկհ. Զարուհի Գալեմքերեանի մահուան գուժը, մենք` խաչուհիներս, տխրեցանք, յուզուեցանք եւ սկսանք մտաբերել, յիշել եւ իրարու պատմել բոլոր այն ժողովները, ձեռնարկները, պտոյտները, որ կը կազմակերպէր եւ իր մայրական խրատները կը փոխանցէր` միշտ յոյս ներշնչելով, քաջալերելով հայ երիտասարդուհիները, որպէսզի սիրեն ԼՕԽ-ը, անդամագրուին, դառնան նուիրեալ խաչուհիներ` ծառայելու համար ազգին:
ԼՕԽ-ի Պատգամաւորական ժողովներուն յաճախ ներկայութիւն էր, իր տեսակէտները կ՛արտայայտէր եւ շինիչ առաջարկներ կ՛արձանագրէր յօգուտ ԼՕԽ-ի վերելքին:
ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի սիւներէն մին էր ընկհ. Զարուհին, իր շատ սիրած մասնաճիւղին ատենապետը եղած էր տարիներ շարունակ` համախմբելով վարչական ընկերուհիները, մայրական գուրգուրանքով եւ խրատներով անոնց քաջալերած էր ԼՕԽ-ի վայել ձեռնարկներ կազմակերպել, ապահովել նիւթական հասոյթ, որպէսզի «Հայաշէն» շրջանի հայ կարիքաւորներուն օգտակար դառնալով` իրագործած ըլլան ԼՕԽ-ի մարդասիրական, բարեսիրական առաքելութիւնը:
Ընկհ. Զարուհին սիրած էր ԼՕԽ-ը…
Ստանձնած էր տարբեր պարտականութիւններ, մաս կազմած էր Շրջանային վարչութեան, իսկ մինչեւ իր մահը կամաւոր զինուորն էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբին` միշտ կատարելով իրեն վստահուած պարտականութիւնները:
Այսօր իսկապէս տխուր է ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը, որուն Շրջանային վարչութիւնը եւ 26 մասնաճիւղերու անդամները միասին կու գան իրենց խորին ցաւակցութիւնը յայտնելու ընկերուհիին զաւակներուն, հարսին, թոռներուն եւ պարագաներուն` խոստանալով, որ անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն, մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկհ. Զարուհի:
Խունկ եւ ծաղիկ` անթառամ յիշատակիդ:
Թող հողը թեթեւ գայ վրադ:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


