Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Կիսանդրիին Ծաղկումն Ու Անշքացումը

September 19, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Անդենականի դիցուհի Փրոսերփինի կիսանդրին` Վիքթորեան ժամանակներու իտէալ քանդակ մը:
Անդենականի դիցուհի Փրոսերփինի կիսանդրին` Վիքթորեան ժամանակներու իտէալ քանդակ մը:

ԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԱՅԼԵՒՍ ՈՉ ՈՔ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻՆ` ԻԲՐԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՁԵՒ: ՍԱԿԱՅՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՔՈՐՔՈՐԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ «ՏԸ ՍՄԱՐԹ ՍԵԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՆՈՆՔ ՆԻՒԹԵՂԷՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԷՆ ԻՏԷԱԼ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՄԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ ՄԻՋՈՑ ՄԸՆ ԷԻՆ ՎԻՔԹՈՐԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ:

Ուաշինկթընի Քորքորան պատկերասրահին կեդրոնական սրահին մէջ դռնէն անմիջապէս ներս կը ցուցադրուին «իտէալ» 6 կիսանդրիներ: Անոնք զետեղուած են պատուհաններու մէջ եւ պատերու տակ, գետնէն բարձր, որպէսզի ամէն ոք անպայման ստիպուի անցնիլ անոնց ճիշդ քովէն: Կիսանդրիները կը պատկերեն մարմարի վրայ քանդակուած կիներ: Անոնց դէմքերը իրագործուած են նոր դասական ոճով, միապաղաղ են եւ խաղաղ, առանց բիբի աչքերը կուրօրէն գետին խոնարհած կամ` դէպի անտեսանելի հորիզոնը ուղղուած:

Այս կիսանդրիներէն չորսը կը պատկանին դրամատէր բարերար Ուիլիըմ Ուիլսըն Քորքորանի: Մեծ մասը գործն է ամերիկացի քանդակագործ Հայրըմ Փաուըրզի: Կեդրոնական սրահին մէջ ցուցադրուող եօթներորդ քանդակ մը գործն է Ուիլիըմ Ռայնհարթի եւ կը պատկերէ նոյնինքն Քորքորանը: Անոր ուսերը ծածկուած են ալեծուփ զգեստով եւ ծնօտը դէպի վեր ուղղուած է` ազնուականի յատուկ երեւոյթով, հետեւաբար Քորքորանի դիմաքանդակը եւս կ՛արտացոլէ դասական յատկանիշ մը: Իսկ ծնօտին տակ կը տեսնենք միջին տարիքի մարդու մը կախ մորթին ծալքերը:

«Իտէալ Քանդակներ»

Քորքորանի պատկերասրահին կիսանդրիները քանդակուած են Վիքթորեան ժամանակաշրջանին: Անոնք «իտէալ» կը կոչուին, որովհետեւ կ՛արտացոլեն ազնուական եւ մշակուած զգացումներ: Իտէալ քանդակներու մէջ կիներ եւ տղամարդիկ կը պատկերուին իբրեւ դիցաբանական վայրի անասուններ, պատմական մեծ անձնաւորութիւններ կամ կրօնական տիպարներ: Ասիկա քանդակագործութեան ձեւ մըն է, որ ծնունդ առած է հնադարեան ժամանակներուն: Իտէալ քանդակներու մէջ մարդը կարգապահ է, իրաւացի է եւ գեղեցիկ:

Բազմաթիւ արձանագրութիւններու համաձայն, Վիքթորեան ժամանակները աղտոտ էին, խճողուած եւ եռուն: Այնպիսի ժամանակներ էին, երբ ազնուականութիւնը եւ մշակուած ըլլալը մեծ արժէք կը ներկայացնէին, որովհետեւ շատ հազուագիւտ էին: Քորքորանի կեդրոնական սրահին մէջ ցուցադրուող կիսանդրիներուն նման իտէալ կիսանդրիներ չէին քանդակուեր թանգարաններու կամ պատկերասրահներու համար: Անոնք կ՛ապսպրուէին` սեփական բնակարաններու ընդունարաններուն մէջ զետեղուելու համար: Հայրըմ Փաուըրզի նման քանդակագործներ հազիւ կը հասնէին իտէալ կիսանդրիներ շինելու առաջարկներուն գոհացում տալու: Այսուհանդերձ, Փաուըրզ կը փայփայէր բարձր տենչեր: Ան «քողազերծուած հոգիներ» կը կոչէր իր դիմաքանդակները: Իտէալ կիսանդրիները «կը թօթափէին» մարմինը` ի յայտ բերելու համար ներքինը:

Սակայն ինչո՞ւ մարդիկ ստեղծած էին քանդակագործութեան ձեւ մը, որ կը պատկերէր միայն գլուխը, վիզն ու ուսերը: Հաւանաբար որովհետեւ մարդը շինուած է հողէն, սակայն կը ձգտի աստղերուն: Մեր գլուխը մեր տաղտկալի մարմինը կը պտտցնէ քաղաքին մէջ: Կը քալենք կորաքամակ, մեր ուղեղին մեքենան մեզ կ՛առաջնորդէ առաջ: Միտքով աշխատող ինքնաշարժներ ենք: Կարեւոր է միայն այն, ինչ որ կը գտնուի ուսերէն վեր: Ինչ որ սիրտէն վար կը գտնուի` մութ է եւ ծածուկ: Մեր գլուխը կը պահպանէ մեր ուղեղն ու աչքերը: Մարմինը կը պահպանէ ներքին գործարանները: Մեր շարժումը թերեւս մեր ոտքերուն մէջ է, սակայն մեր երազները մեր գլխուն մէջն են:

Մարմինը` Պատուանդան

Բնական պիտի ըլլար ստեղծել քանդակի ձեւ մը, որ կ՛արտայայտէր տեքարթեան այս մտածողութիւնը: Կիսանդրի մը բաւարար մարմին ունի` կրելու համար գլուխը: Սակայն գլուխը առանձինը բաւարար չէ: Առանձին գլուխ մը կը յիշեցնէ կառափնատը եւ սուրը: Ցիցի վրայ զետեղուած դիմաքանդակ մը անիմաստ է: Սակայն ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ճիշդ որքա՛ն մարմնի պատկերումը բաւարար է կամ` շատ: Ասիկա կախեալ է արուեստագէտին հայեցողութենէն: Կիսանդրի մը քանդակող արուեստագէտ մը պէտք է հարց տայ. արդեօք վիզը, սիրտը եւ ուսերը պարզապէս մեր ուղեղին պատուանդա՞նն են: Գլուխէն վար անձի մը մարմնին ո՞ր մասերը կենսական են: Ճի՞շդ է, որ յաւելեալ բան մը կ՛արտացոլայ գլխուն մէջ, երբ մարմինը կը կորսուի, ինչպէս կը մտածէր Հայրըմ Փաուըրզ:

Ձախին. Ֆրանսացի ճարտարապետ Ժիւլ Հարտուան - Մանսարի կիսանդրին եւ Նեֆերթիթիի կիսանդրին` աջին:
Ձախին. Ֆրանսացի ճարտարապետ Ժիւլ Հարտուան – Մանսարի կիսանդրին եւ Նեֆերթիթիի կիսանդրին` աջին:

Օրինակ` նկատի ունենանք 18-րդ դարու ֆրանսացի քանդակագործ Ժան-Պաթիսթ Լըմոանի պարոք ժամանակաշրջանի ճարտարապետ Ժիւլ Հարտուան – Մանսարի կիսանդրին: Մանսարի կիսանդրին կ՛ընդգրկէ մինչեւ կուրծքին ոսկորը, այնքան, որ բաւարար տարածք ապահովէ անոր ալիքաւոր կեղծամին պատկերումին: Ասկէ կարելի է հետեւցնել, թէ Մանսար հաւանաբար հագած է նորաձեւ կօշիկներ: Այլեւս կարիքը չունինք տեսնելու անոր մարմնին այլ մասերը` եզրակացնելու համար, թէ ան գէր է: Լըմոան հաւանաբար մտածած է, թէ անոր մարմնին յաւելեալ պատկերումը իր վրայ պիտի կեդրոնացնէր դիտողին ուշադրութիւնը` զայն շեղելով փառաւոր գլուխէն, ինչպէս կը տեսնենք ճարտարապետին դիմանկարներուն մէջ:

Կամ` նկատի ունենանք Նեֆերթիթիի կիսանդրին, որ կը ցուցադրուի Պերլինի Եգիպտական թանգարանին առանձին մէկ սենեակին մէջ: Այս դիմաքանդակը գլխաւորաբար կը բաղկանայ երկար վիզէ մը, որ արտասովոր գլխանոց մը կը միացնէ ծաղկաւոր լայն օձիկի մը: Նեֆերթիթիի դիմագիծին մասին բանաստեղծութիւններ գրուած են, սակայն, եթէ զանց առնենք անոր վիզը` դիմաքանդակը կը վերածուի զարդի:

Նոյնպէս կարելի է դիտել յունական հնադարեան քանդակները: Ոդիսեւսի մէկ ընկերակիցին կիսանդրին, որ կը ցուցադրուի բրիտանական թանգարանին մէջ, վիզի մահիկաձեւ ոսկորներու եւ ցցուն կրծքավանդակի մը վրայ կը կրէ գլուխ մը: Գլուխը յուսաբեկ դարձած է մէկ կողմ: Կրծքավանդակէն վար պարապութիւնը լեցուն է հզօր հարցումներով. արդեօք ան զէ՞նք մը բռնած է, արդեօք ոտքերն ալ բոպի՞կ են, արդեօք կիկլոպներէ՞ն խոյս կու տայ, թէ` կը դիմագրաւէ սիրէնները:

Քանդակային Սղագրութիւն Մը

Այլ խօսքով` կիսանդրին քանդակային սղագրութիւն մըն է: Անիկա կ՛ակնարկէ մարմնին, մտածել կու տայ ամբողջական անձի մը գոյութեան մասին` առանց մարմնին մնացեալ մասերը անհրաժեշտ նկատելու: Կիսանդրին հիմնականին մէջ կը փորձէ փոխանցել այն գաղափարը, թէ մարդը գլուխ է, իսկ անկէ վար մնացեալ բոլոր մասերը կը ծառայեն կեղտոտ գործերու:

Կարճ ժամանակ մը արդի արուեստագէտներ «գլուխի» այս բռնատիրութեան դէմ իբրեւ հակազդեցութիւն` փորձած են կիսանդրիի փոխարէն իրաններ քանդակել: Ռոտեն հմայուած էր իրաններով: Ան քանդակած է քնացած, քալող, սայթաքող իրաններ: Զանոնք կոչած է մասնակի քանդակներ: Ա. Աշխարհամարտի ժամանակներուն քանդակագործ Ժաք Լիփշից այցելած է նորաբաց Ռոտենի թանգարանը եւ հիացած է Ռոտենի քանդակներուն վրայ: «Չէի փափաքեր իրան քանդակել,- ըսած է ան հետագային,- սակայն այդ վայրկեանին հասկցայ, թէ արուեստի գործ մը կարիքը ունի խորհրդաւորութեան»:

Քորքորանի կեդրոնական սրահին մէջ իտէալ կիսանդրիները, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին իրենց փառքի օրերուն, կը նշեն կիսանդրիներու նկատմամբ խանդավառութեան պատմական աւարտը: Անոնք վերջինն են իրենց տեսակին մէջ: Յունական անդենականի դիցուհի Փրոսերփինի կիսանդրին, զոր քանդակած է Հայրըմ Փաուըրզ, 1884-ին, կուրծքին կը կրէ ականթի (աքանթըս) տերեւներով հիւսուած դափնեպսակ մը, որ կը խորհրդանշէ անմահութիւնը: Փաուըրզի «Ամերիքա» կիսանդրիին կուրծքը ուժի աղբիւր է` անոր արտայայտութենէ զուրկ դէմքին տակ. անիկա միաժամանակ լեռ է եւ զէնք: Իսկ այս իտէալ կիներուն կուրծքին տակ կը տարածուի միայն օդի պարապութիւնը: Մինչ արեւը կը շողայ Քորքորանի կեդրոնական սրահին պատուհաններուն վրայ, կիսանդրիները կը ստանան լուսափայլ կերպարանք: Կը թուի, թէ լոյսը կ՛ամբողջացնէ կիներուն մարմնին մնացեալ կէսը:

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ծուխի Անսպասելի Գոլորշիներ

Յաջորդը

Տենդ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.