Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարժումի, Յիշողութեան Եւ Արտայայտութեան Միջեւ. Իտալացիներուն Ձեռքի Շարժուձեւերը Կը Մոռցնեն Խուլերու Նշաններու Լեզուն

September 15, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ -ՍՐԱՊԵԱՆ

985ITALYԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԽՈՒԼԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՉՈՒՆԻ: ՍԱԿԱՅՆ ԲՈԼՈՐԻՆ ԾԱՆՕԹ ՁԵՌՔԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏԻՉ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ ՈՒՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ՅԱՏՈՒԿ ԲԱՌԱՐԱՆԸ ԵՒ ԿԸ ՎԱՅԵԼԵՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԱՆՇՈՒՇՏ ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ ԽՈՒԼԵՐՈՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ:

Բազմաթիւ բաներ կ՛առնչենք իտալական մշակոյթին հետ. էսփրեսսօ սուրճը, ճելաթոն (պաղպաղակ) եւ սուղ վաճառանիշով հագուստները: Սակայն, հաւանաբար, իտալական նկարագիրին հիմնական մէկ մասը կը կազմեն ձեռքի շարժումները, որոնք կը կենդանացնեն իտալացիներուն խօսակցութիւնը:

Այսպէս, բութամատը եւ ցուցամատը շփելը կը խորհրդանշէ դրամ, ծնօտին թեթեւօրէն զարնելը` անտարբերութիւն, աչքին տակ ցուցամատով զարնելը` համաձայնութիւն: Նման շարժուձեւեր յաճախ կը գործածուին եւ հասկնալի են բոլորին:

Ժառանգ` Յոյներէն

Հոգս չէ՛:
Հոգս չէ՛:

Ռոմա Թրէ համալսարանի դասախօս Իզապելլա Փոճի վերջերս մանրամասն ուսումնասիրութեան մը մէջ պաշտօնապէս ցանկագրած է շուրջ 250 ձեռքի շարժումներ եւ հետազօտած է անոնց հռետորական կամ հեգնական իմաստն ու բովանդակութիւնը:

Փոճիի համաձայն, շարժուձեւերու լեզուն որեւէ մշակոյթէ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իտալական մշակոյթին մէջ: «Շարժուձեւերու լեզուն ժառանգած ենք յոյներէն,- կ՛ըսէ ան:- Երբ յոյները հաստատուեցան հարաւային Իտալիոյ մէջ եւ իրենց գաղութավայրին վերածեցին Նափոլին, իտալացիք սկսան հաղորդակցիլ շարժուձեւերով` իբրեւ ծածուկ եւ անձայն լեզու, սակայն անիկա դարձաւ աւանդութիւն` իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց»:

Սիկիլիացի բեմադրիչ Լուքա Վուլլօ նկարահանած է սիկիլիական շարժուձեւերու լեզուն, որ շատ աւելի ազատ եւ արտայայտիչ է, քան ինչ որ կը տեսնենք բուն Իտալիոյ մէջ: Իր «Լա վոչէ տել քորփօ» (մարմնի լեզուն) երգիծական ժապաւէնին մէջ ան ցոյց կու տայ, թէ շարժուձեւերը որքա՛ն տիրական տեղ ունին Իտալիոյ ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

Իտալական շարժուձեւեր. ձախէն աջ. ձանձրացայ, կորսուէ՛, ժլա՛տ:
Իտալական շարժուձեւեր. ձախէն աջ. ձանձրացայ, կորսուէ՛, ժլա՛տ:

«Երբ Իտալիա կ՛այցելենք, բաւարար է փողոց իջնել, շրջիլ շուկաները, նստիլ հրապարակի մը վրայ եւ պարզապէս դիտել մարդոց դէմքերը, ձեռքերը, մարմինը,- կ՛ըսէ Վուլլօ:- Կը կարծեմ, թէ իտալացիք շատ աւելի ֆիզիքական շարժուձեւերով կը խօսին, որովհետեւ ասիկա իրենց արեան մէջ է»:

Շարժուձեւերու առաջին հաւաքածոն` «Հնադարեան ժամանակներու մնջախօսութիւնը` նափոլիթան շարժուձեւերու ընդմէջէն» վերնագիրով, լոյս տեսած է 1832-ին, Նափոլիի մէջ: Անիկա ներառուած է շարժուձեւերու բառարանի մը մէջ, որ հրատարակուած է 1958-ին: Գոյութիւն ունին նաեւ իտալական շարժուձեւերու բազմաթիւ բացատրութիւններ եւ տեսերիզներ` համացանցի վրայ:

Հարցականներ

Փոճիի եւ Վուլլոյի գործերը արժանացած են համաշխարհային ուշադրութեան: Սակայն այս երեւոյթը հարցականներ ստեղծած է Իտալիոյ խուլերու հաւաքականութեան մէջ:

Իտալիոյ խուլերու յատուկ նշաններու լեզուն` Լինկուա տէյ սէյնի Իթալիանա, կը գործածուի հազարաւոր խուլերու կողմէ: Խուլ լեզուագէտ Պարպարայի համաձայն, անիկա շատ աւելի հարուստ եւ խոր լեզու մըն է, քան` շարժուձեւերու լեզուն: Փեննաչի կը նշէ, թէ շարժուձեւերը պարզապէս կը շեշտաւորեն առօրեայ խօսակցութիւնը եւ ոչ թէ առանձին լեզու մը կը ներկայացնեն:

Այսուհանդերձ, գոյութիւն ունին կարգ մը նմանութիւններ: Պատկերասփիւռի «Սի հիր» յայտագիրի խուլ հաղորդավար Մեմնոս Քոսթի նկատած է, թէ իրեն համար զարմանալիօրէն դիւրին է  իտալական շուկաներուն մէջ կենսական իրեր գնելը` պարզապէս քանի մը պարզ շարժուձեւեր օգտագործելով: Ան «հիանալի» կ՛որակէ Իտալիոյ շուկայի մշակոյթն ու հաղորդակցելու ձեւը եւ կ՛ըսէ, թէ պիտի հրաժարէր որեւէ բան գնելէ, եթէ ստիպուէր թուղթի եւ մատիտի դիմել: «Պարզապէս փոխարէնը հանրախանութ մը պիտի երթայի», կ՛ըսէ ան:

«Անգլիոյ մէջ տարբեր է, մարդիկ դէմքի արտայայտութիւններ չեն օգտագործեր, ինչ որ կը դժուարացնէ հաղորդակցութիւնը», կ՛ըսէ բրիտանացի հաղորդավարը:

Թէեւ բրիտանացիք նման շարժուձեւեր չեն օգտագործեր, սակայն Բրիտանիոյ մէջ խուլերու յատուկ նշաններու լեզուն կը վայելէ բարձր դիրք: Անիկա պաշտօնական ճանաչումի արժանացաւ 2003-ին, ինչ որ յաւելեալ իրաւունքներու առիթ տուաւ խուլերուն` Հաւասարութեան եւ անկարներու դէմ խտրականութիւնը կանխարգիլող յօդուածներուն հիմամբ: Արդիւնքը եղած է խուլերու յատուկ նշաններու լեզուով թարգմանողներու բազմապատկումը երկրին տարածքին:

Ի՞նչ, ո՞ւր, ինչո՞ւ (ձախին): Շնորհակալութիւն (աջին):
Ի՞նչ, ո՞ւր, ինչո՞ւ (ձախին): Շնորհակալութիւն (աջին):

Ի տարբերութիւն` խուլեր համաշխարհային բողոքի ալիք մը բարձրացուցին 2011-ին, երբ Իտալիոյ պետութիւնը փորձեց ստորադասել Իտալիոյ խուլերու յատուկ նշաններու լեզուն եւ զայն դասել իբրեւ մնջախօսութեան եւ շարժուձեւերու յատուկ լեզու մը: Այն մտավախութիւնը կը տիրէր, թէ նման մօտեցում մը պիտի նսեմացնէր խուլերու նշաններու լեզուն օգտագործող անձերուն իրաւունքները: Այնուհետեւ, կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններու իբրեւ արդիւնք` ծրագիրը առայժմ սառեցուած է:

Հռոմի մէջ բնակող խուլ մը` Թիցիանա Ճուլլի, կը բացատրէ իրավիճակը. «Փոքրամասնութիւններու յատուկ 12 լեզուներ ստացած են պաշտօնական ճանաչում, սակայն խուլերու լեզուն անտեսուած է: Կարեւոր է զայն ներառելը իբրեւ լեզու: Անիկա հաղորդակցութեան եւ տեղեկութիւններու փոխանակումի միջոց է: Կեանքի, գործի, դպրոցի, համալսարանի, բժշկութեան եւ այլ բաներու հասողութեան միջոց է: Առիթ կու տայ ամբողջութեամբ մաս կազմելու կեանքին եւ մարդկային ընկերութեան»:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Շարժումի, Յիշողութեան Եւ Արտայայտութեան Միջեւ. Կ՛ուզէ՞ք Աւելի Արագ Սորվիլ. Գործածեցէք Ձեր Մարմինը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.