ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Անդրադառնալով Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման հարցին` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարեց, որ ըստ թրքական կողմին, այդ օրէնքը «դէմ է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ ժողովրդավարութեան սկիզբ նկատուող խօսքի ազատութեան», սակայն ան նաեւ նշեց, որ իրենք մեծ ակնկալիքներ ունին, որ այդ օրէնքի ծիրին մէջ պատիժ սահմանուի Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան, ինչպէս նաեւ Ռոտոսի եւ Իսթանքոյի մէջ թուրքերուն դէմ խտրական եւ ցեղապաշտական գործողութիւններուն եւ խօսքերուն համար:
Այլ խօսքով` Անգարա նշեալ օրէնքի կիրարկման վերաբերեալ իր գնահատականը պիտի տայ պարագայական կերպով. եթէ ատիկա կիրարկուի Հայոց կամ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան հարցով, ապա այդ օրէնքը «ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ խօսքի ազատութեան» դէմ կ՛ըլլայ, իսկ եթէ կիրարկուի թուրք փոքրամասնութեան ի նպաստ, ապա այդ ժխտականութիւնը իսկոյն կը չքանայ եւ օրէնքը կը ծառայէ «ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ խօսքի ազատութեան» պաշտպանութեան:
Հակառակ թրքանպաստ կիրարկումի կարելիութեան` այդ օրէնքին նկատմամբ արձակուած «ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ խօսքի ազատութեան դէմ է» վճիռը ցոյց կու տայ, որ Անգարայի համար Հայոց ցեղասպանութեան հարցը թուրք փոքրամասնութիւններէն եւ անոնց իրաւունքներէն առաջնահերթ է, եւ կու գայ վկայելու Անգարայի համար ցեղասպանութեան հարցին ունեցած կշիռին եւ կարեւորութեան մասին, որուն լոյսին տակ որեւէ այլ հարց կը դառնայ երկրորդական ու լուսանցքային:
Յունական օրէնքը իր տեսակին մէջ երրորդն է, սակայն անոր իւրայատկութիւնը կը կայանայ ժխտողական հակառակորդին առաջնահերթութեանց բացայայտման եւ անոնց շուրջ որեւէ անհիմն կասկածի փարատման մէջ:


