Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռոպեր Հատտէճեանի «Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարաններուն Մէջ» Ե. Հատորը

September 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

RobertHaddejian_82Ռոպեր Հատտէճեան` յոգնիլ չգիտցող այս գրողը, «Մարմարա» օրաթերթի անխոնջ խմբագրապետը (Պոլիս), որ լոյս ընծայեց վերջերս «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ» հատորներու շարքին հինգերորդ հատորը` զարմացնելով եւ հիացնելով իր ընթերցողները:

Ըսենք անմիջապէս, որ Ռոպեր Հատտէճեան միայն այս հատորներով չի գոհանար: Ան մնայուն ներկայութիւն է իր լոյս ընծայած «Մարմարա» օրաթերթի էջերուն` իբրեւ յօդուածագիր, մեր առօրեայ, սովորական կեանքէն ներշնչուած անցուդարձերով, որոնք լեզու կ՛առնեն, մարդակերպ ձեւաւորում կը զգենուն իր պարզ, բայց իմաստութիւն բովանդակող գրիչին տակ:

Ըսինք` Ե. հատորն է այս «Պտոյտ»-ներու շարքին, որով կը փառաբանուի հայոց լեզուն, այնպիսի սիրով, որ կարծէք նոր ճանչցած է հայոց լեզուն, նոր ծանօթացած` անոր գեղեցկութիւններուն, եւ կը հրաւիրէ մեզ` ընթերցողներս, որ աւելի սիրենք հայոց լեզուն:

Ջահել անձ մը չէ Ռոպեր Հատտէճեան, բայց յոգնիլ չգիտցող արուեստագէտ գրագէտը, որ ոչինչ կարծուած նիւթէն, թեմայէն, անոր սիրտը կը տրոփէ թարմատի երիտասարդի մը զարկերով: Չի ձանձրանար, որովհետեւ անհունօրէն աշխատասէր արուեստագէտն է ան` կեանքին գեղեցկութիւնը ընկալած եւ զայն ուրիշին բաշխող մեծարենցեան ոգիով:

Այս հատորին յառաջաբանը կարդալով` արդէն կը զգանք այն հարստութիւնը, զոր ունի Հատտէճեան իր այնքան թարմատի մնացած սրտին խորը: Զմայլած է մեր լեզուին եւ պահանջելու պէս կը խնդրէ, որ մենք եւս չմոռնանք այս հրաշագեղ հայոց լեզուն: Ռ. Հատտէճեան լաւ գիտէ օտար երեք-չորս լեզուներ, բայց անոր սէրը խարսխուած է հայոց լեզուին գեղեցկութեան հիմերուն վրայ, հիմ մը, որ սրբացեալ է սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտով:

Անկեղծ ասած` ուշագրաւ տիպար մըն է ան, աստուածային լոյսով ողողուած: Կը քաջալերէ հայոց լեզուն պաշտպանողները եւ անոր հիացողները, կը դատապարտէ միւս տգէտները, որոնք ոչինչ հասկցած են աշխարհի գեղեցկութիւններէն մէկը ճաշակելու բարիքէն: Իր անտարբերութիւնը կ՛արտայայտէ նման անտարբերներու հանդէպ, եւ կոչ կ՛ուղղէ հայոց լեզուն փառաբանողներուն` միանալ իրեն, ճաշակել սրբութիւնը մեր բառարաններուն մէջ պահուած բառերուն, որոնցմէ ոմանք մոռցուած կամ մաշած ըլլալ կը թուին, իսկ ուրիշներ հետզհետէ նոր փայլք մը կը ճառագայթեն:

Ռոպեր Հատտէճեան չի մոռնար Լիբանանը, ուր գտնուած է քանի մը անգամ, եւ ուր իր խօսքը տուած է մեր բեմերէն` հրաւիրելով բոլորս սիրելու հայոց լեզուն, հայուն հայրենիքը:

Ռոպեր Հատտէճեան իր առասպելական աշխատասիրութեան համար տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, առանց մոռնալու Պոլիսը: Իր մրցանակներուն շարքը երկար է, իր տարիքին համապատասխան յաջորդականութեամբ ընծայուած: Արժանաւոր հայն է ան, բացառիկ ներկայութիւն մը` սփիւռքի մեր սա անկայուն օրերուն մէջ հաստատ: Կը մաղթենք իրեն յարատեւ գրիչ ու պրպտումներ հայոց լեզուի բառարաններուն եւ հայ կեանքին մէջ ընդհանրապէս:

Ափսո՜ս, որ լիբանանեան օրերը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի անբաղձալի օրերը պատճառներ եղան, որ մենք չկարողանանք անգամ մը եւս զինք հիւրընկալելու մեր գաղութին մէջ: Բայց քանի որ ան ունի հնչեղ ձայն, միշտ ներկայութիւն կը մնայ մեր կողքին` մամուլի, գիրքի եւ գրչի ճամբով:

Շո՛ւնչդ անսպառ, վարպե՛տ գրչակից:

Նախորդը

Խաչվերաց. Տօն Վերացման Սրբոյ Խաչին (Այդ Առիթով Նաեւ Խորհրդածութիւններ Խաչի Մասին)

Յաջորդը

Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց «Լա Փրենսես»-ի Սեփականատէր Անթուան Էմիրզեանին Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.