«Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանի մարզական բաժինը կը հաղորդէ, որ «Ֆորմիւլա 1»-ի «Ֆեռարի»-ի վարորդ ֆինլանտացի Քիմի Ռայքոնեն խօսեցաւ իր արհեստավարժ ասպարէզի ապագային մասին:
Ան ըսաւ, որ ինք երիտասարդ չէ եւ կը ցանկայ «Ֆորմիւլա 1»-էն բացի ուրիշ մարզ եւս փորձել իր կեանքին մէջ, բայց ներկայիս ոեւէ որոշում չէ տրուած, սակայն վստահեցուց, որ իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի աւարտէ «Ֆեռարի»-ի հետ:
Նշենք, որ ան հերքեց այն լուրերը, որոնք կ՛ըսէին, թէ Ռայքոնեն այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ «Ֆորմիւլա 1»-էն եւ վերջ մը դնէ իր ասպարէզին:


