Այս օրերուն Ռուսիոյ Մախաչքալա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին 12 տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ Հայաստանի մարզիկները:
Այս լուրը կը յայտնէ Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը:
8 սեպտեմբերին սկսան առաջին մենամարտերը եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին:
60 քկ կշիռքի մարզին մէջ Արթուր Վարդանեան յաղթանակ մը կերտեց պիելոռուս Տմիթրի Սապոնին դէմ:
64 քկ կշիռքի մարզին մէջ Յովհաննէս Բաչկով յաղթեց պրազիլցի իր մրցակիցին` Ճոնաթան Սուարեզին եւ յաջորդ հանգրուանին պիտի մրցի պիելոռուս Իվան Պարանչիքի դէմ:
69 քկ կշիռքի մարզին մէջ Վլատիմիր Մարգարեան յաղթեց վրացի Կելա Ապաշիծէի եւ յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ ռուս Իսմայիլ Իլիեւի դէմ` 11 սեպտեմբերին:
Սակայն 75 քկ կշիռքի մարզին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Սերկէյ Սարգսեան, պարտութիւն կրեց իր ռուս մրցակիցէն` Մոհամետ Շապանովէն:


