Անգլիական Թոթենհամ Հոթսփըրզ ակումբի մարզադաշտը, որ կը կոչուի «Ուայթ Հարթ Լէյն», կարիքը ունի նորոգութեան: Այս լուրը կը հաստատեն ակումբի պատասխանատուները` իրենց պաշտօնական կայքին միջոցով:
Անոնք յայտնեցին, որ ակումբը մէկ տարեշրջանի համար պիտի մնայ առանց սեփական մարզադաշտի եւ տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ պիտի սկսին նորոգութեան աշխատանքները եւ ո՛ւր պիտի խաղցուին Թոթենհամի խաղերը:


