Երէկ` չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի ակի շրջանին մէջ վերջերս բացուած 2 հորերուն բացման հանդիսութիւնն ու օրհնութիւնը:
Նկատի ունենալով երկրին այս տարուան դիմագրաւած ջուրի տագնապը` Այնճարի ծառաստանները ոռոգելու համար ակի շրջանին մէջ բացուեցան 2 նոր հորեր, նախաձեռնութեամբ` Այնճարի քաղաքապետութեան Ոռոգման ջուրի յանձնախումբին` «Էս. Փի. Էն. Էլ.» ընկերութեան նիւթական օժանդակութեամբ:
ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը` լիբանանեան քայլերգով բացումը կատարեց հանդիսութեան, որմէ ետք Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց «Էս. Փի. Էն. Էլ.» ընկերութեան, որ օժանդակեց Այնճարին, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերուն` դիմագրաւելու ջուրի խիստ տագնապը:
Խօսք առին «Եու. Էս. Էյտ» ընկերութեան եւ «Էս. Փի. Էն. Էլ.» բաժանմունքին ներկայացուցիչները, որմէ ետք գիւղի հոգեւոր պետերը օրհնեցին զոյգ հորերը:
Տեղի ունեցաւ այս մասին յուշատախտակի վրայ արձանագրութեան բացում եւ հիւրասիրութիւն:
Յայտնենք, որ վերջին 2 ամիսներուն, նկատի առնելով, որ Այնճարի ակը գրեթէ ցամքեցաւ, այս 2 նոր հորերու ջուրը սկսաւ օգտագործուիլ Այնճարի պարտէզները ոռոգելու համար: Նաեւ այս հորերու ջուրը սկսան օգտագործել դրացի գիւղացիները, որոնք Այնճարի մայր ջրանցքէն ջուր փոխադրեցին իրենց գիւղերը:


