Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Բանաւոր Բացակայութեան Փոխարէն…

September 10, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0910_khempՔաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ  դաւը դաւանանք է եւ այնքան մը լեցուն ծուղակներով, որ նոյնիսկ թակարդ լարողն անգամ նոյնինքն թակարդին մէջ ինկած կ՛ըլլայ, եւ արձակած նետը վերադառնալով եւ արձակողին հարուածելով` կրնայ վերածուած ըլլալ անբաղձալի պումըրանկի (…գէթ որ միայն արձակողին կողմէ):

Նմանօրինակ թնճուկ մը ստեղծուեցաւ վերջերս, օգոստոս 28-ին, երբ Հայաստան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետի նախագահ ձեռնադրման պաշտօնական հանդիսութեան` ներկայացուցչութեամբ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի:

Իննսունի շուրջ երկիրներ մասնակցեցան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կատարուած` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնական երդման արարողութեան, որոնց կարգին` նախագահներ, վարչապետներ, արտաքին գործոց նախարարներ, կամ պարզապէս` քաղաքական գործիչներ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան այս առթիւ Էրտողանին հետ կարճ զրոյցի մը առիթը ստեղծելով` յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին պաշտօնական հրաւէրը` յառաջիկայ ապրիլ 24-ին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութեան:

Ինչպէ՞ս կարելի է վերլուծել Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը` արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով մասնակցելու որոշումին առնչութեամբ:

Միջազգային ընտրանիի ստուար ներկայութեան մէջ Հայաստանի կողմէ որքան ազդեցիկ ըլլար բանաւոր բացակայութիւն մը, այդքան «ներկայութիւն» կ՛ըլլային հայն ու Հայ դատը:

Այսինքն` որքան համեմատաբար աւելի երկրորդական մակարդակի ներկայացուցիչ մը ներկայ ըլլար, օրինակի համար, նոյնինքն արտաքին գործոց նախարարութեան գրասենեակէն ներկայացուցիչ մը կամ այլ մօտակայ երկիրներէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող հիւպատոս մը` այդքան աւելի պարզաբանուած կ՛ըլլար երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած վիճակն ու իսկական պատկերը:

Հոս հարցադրել, թէ յառաջիկայ ապրիլեան ձեռնարկներու հրաւէր մը, յանձնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող, համեմատաբար աւելի անծանօթ հայորդիի մը կողմէ, կրնար ազդե՞լ այդ հրաւէրի առաջնահերթութեան եւ կարեւորութեան վրայ:

Պատասխանը… ամենայն յստակ տրամաբանութեամբ կարելի է բանաձեւել, թէ հրաւէրը յղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Այս պարագային զայն յանձնողն ու փոխանցողը երկորդական դեր ունին:

Հետեւաբար այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ կարելի է հաստատօրէն հետեւցնել ու եզրակացնել թէ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, կարելի եղածին չափ բարձր մակարդակի բանաւոր բացակայութեամբ կամ գէթ միջազգային դիւանագիտական «փրոթոգոլ»-ը յարգելով, պարզապէս շնորհաւորական նամակով մը ներկայանալ Անգարայի մէջ կատարուած  երդման այս արարողութեան:

Նախորդը

Ղարաբաղեան Մարտերը Ուժեղացնում Են Ազրպէյճանում Լեզգիների Անջատողականութիւնը

Յաջորդը

Տէրտէրեանական «Կրակէ Օղակ»-ը Շուշիում

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.