Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԿԱՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԹԵԼԸ ՊԻՏԻ ՉԿՏՐԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՊՈՒՏ

July 16, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ «փողոցը կրնայ տապալել» սուրիական վարչակարգը, եթէ վերջինս շուտով ցուցարարներուն պահանջած բարեկարգումներու կատարման չսկսի:

Ան նշեց, որ «գետնին վրայ շօշափելի որեւէ ցուցանիշ չտեսայ, որ սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ է ցուցարարներուն պահանջած արագութեամբ բարեփոխումներուն սկսելու»:

Ֆորտ նախատեսեց, որ «փողոցը պիտի տապալէ սուրիական վարչակարգը, եթէ վերջինս արագ չշարժի», եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց` բարեփոխումներուն սկսելու «դժուար որոշումը տալու»:

Սուրիոյ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Խալետ Ապպուտ լիբանանեան «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին ոչ դիւանագիտական շարժումներ, որոնք կապ ունին Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին շրջապտոյտներուն հետ, որոնք Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները կը հաստատեն:

Ապպուտ նշեց, որ «եւրոպական եւ ամերիկեան պոռչտուքը սուրիական գետնի վրայ եւ սուրիական ղեկավարութեան մօտ զերոյի հաւասար է, ինչպէս նաեւ պիտի չազդէ շրջանին մէջ ռազմավարական համակարգին, եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ եւրոպական, ամերիկեան, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան դերակատարութեան դէմ»:

Պատասխանելով Ռուսիոյ կեցուածքին մասին հարցումի մը` Ապպուտ յայտնեց, որ «հարիւր առ հարիւր չենք վստահիր ռուս բարեկամներուն, այլ` սուրիացի ժողովուրդին միասնականութեան եւ համակեցութեան: Նոյնիսկ եթէ Ռուսիան գոյութիւն չունենար, հակառակորդը պիտի չկարենար նախապէս իր կատարածէն աւելի ճնշում բանեցնել Սուրիոյ վրայ, իսկ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, պարզապէս վախցնելու փորձ է»:

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներ-Սուրիա յարաբերութիւններուն, Սուրիոյ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու հետ կապերու վերջին թելը պիտի պահենք»`  աւելցնելով, որ «անոնք կը փորձեն մեզ զգացական կեցուածքներու մղել»:

Նախորդը

ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ՔԱԿ-Ի ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՄԻՋԵՒ

Յաջորդը

ԱԲԽԱԶԻԱ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՎՐԱՍՏԱՆԻՆ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։