Կազմակերպութեամբ Էլիթ ակումբին, գործակցութեամբ Խըրէյպըթ Շուֆ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Խըրէյպըթ Շուֆի 10 քմ վազքի մրցումը` մասնակցութեամբ շուրջ 200 երկսեռ վազողներու:
Նշենք, որ վազքի այս մրցումը կը վայելէր լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութիւնը:
Տղոց գլխաւոր տիտղոսին տիրացաւ լիբանանեան բանակէն Հիւսէյն Հաժ Հասան, որ արձանագրեց 33՛ 39 արդիւնք մը, իսկ աղջկանց գլխաւոր տիտղոսին տիրացաւ զուիցերիացի ազատ վազող Սարա Այշըր (42՛ 45՛՛):
Փոտիում բարձրացողներուն կարգին եղան երկու հայեր, որոնք իրենց դասակարգի մրցումներուն գրաւեցին երրորդ դիրքը:
Աղջկանց 35-39 տարեկան դասակարգին մէջ Ալին Նարինեան արձանագրեց 58՛ 11՛՛ արդիւնք մը:
Իսկ տղոց 60-64 տարեկան դասակարգին մէջ Էմանուէլ Իզմիրլեան իր կարգին գրաւեց երրորդ դիրքը` արձանագրելով 52՛ 10՛՛ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:


