«Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ կեդրոնին մէջ «Ազդակ»-ի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքին առաջին հանգրուանը` նկարահանումի բաժինը շուտով կը հասնի իր լրումին: Նախատեսուած է մինչեւ տարեվերջ ամբողջացնել աշխատանքի երկրորդ եւ երրորդ հանգրուանները (յատուկ ծրագրաւորում եւ որոնողականութիւն):
Մեր մօտ պակսող որոշ տարիներ կարելի եղաւ նկարահանել. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի հաւաքածոյէն կարելի եղաւ նկարահանել 1928, 1930, 1932, 1936 եւ 1940 տարիներու հաւաքածոները:
Աշխատանքի ամբողջացման համար տակաւին մեզի կը պակսին 1931-ի, 1941-ի (առաջին վեց ամիսներ) եւ 1944-ի թիւերը:
Սփիւռքի մատենադարաններու եւ գրադարաններու պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ անհատական հաւաքածոներ ունեցողներուն կ՛առաջարկենք ,եթէ այս երեք տարիներէն «Ազդակ»-ի թիւեր ունին իրենց մօտ, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն ուղարկեն pdf տարազով: Այս ձեւով անոնք նպաստած կ՛ըլլան շուտով 90-ամեայ «Ազդակ»-ի ամբողջական հաւաքածոյի թուայնացման խիստ կենսական աշխատանքին:


