ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2013-ին, Անթիլիաս, Ատանայի ջարդերու հարիւրամեակի առիթով, եւ հրամանաւ Արամայ սրբազնագոյն կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Ատանայի կոտորածի 100-ամեակի մատենաշարի հրատարակութիւնը, մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն երկրորդ անգամ վերահրատարակած է վեր. Համբարձում Յ. Աշճեանին վերոյիշեալ գործը:
Պէտք է ըսել, որ սոյն հատորը լոյս տեսած է երեք տարբեր առիթներով:
Այսպէս, Ա. հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 2009-ին «Յիշատակարան Ատանայի աղէտի» խորագրով, որ կը բովանդակէ Սուրէն Պարթեւեանի «Կիլիկիան արհաւիրքը» եւ Արշակուհի Թէոդիկի «Ամիս մը ի Կիլիկիա» գործերը:
Բ. հատորը լոյս տեսած է 2010-ին «Յիշատակարան Ատանայի աղէտի» խորագրով, որ կը բովանդակէ Յակոբ Յ. Թերզեանի «Կիլիկիոյ աղէտը» խորագրեալ գործը:
Իսկ Գ. հատորը հրատարակուած է 2013-ին, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայոց Կաթողիկոսութեան տպարանէն` հեղինակութեամբ վեր. Համբարձում Յ. Աշճեանի, «Ատանայի եղեռնը եւ Գոնիայէն յուշեր» խորագիրին տակ:
Ներկայ հատորը կը բաղկանայ 354 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հիմնական երկու բաժիններ: Առաջին բաժինը կը վերաբերի Ատանայի եղեռնին, որ տեղի ունեցաւ 1909 թուին, Կիլիկիոյ մէջ, քստմնելի պայմաններու տակ: Իսկ երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ Գոնիայի ջարդերուն հետ առնչուած եղելութիւններ եւ պատմական յիշատակներ:
«Ատանայի եղեռնը եւ Գոնիայէն յուշեր» խորագրեալ հատորի զոյգ բաժիններու «Յառաջաբան»-ը գրած է Բ. Ս. Լեւոնեան, որ դիպուկ բնորոշումներով կը ներկայացնէ կեանքն ու գործունէութիւնը վեր. Համբարձում Յ. Աշճեանին, որ եղած է քաջասիրտ հերոսը Ատանայի արիւնոտ դէպքերուն:
Իր «Յառաջաբան»-ին մէջ Բ. Ս. Լեւոնեան կ՛ըսէ, թէ Ատանայի աղէտը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կը դասուի ճակատագրական արարքներու շարքին, որոնց մէջ վեր. Համբարձում Յ. Աշճեան ունեցաւ պատասխանատու պաշտօն: Լեւոնեան կ՛ըսէ, թէ վերապատուելին միակ պատասխանատու անձն էր, որ կրցաւ ճշգրիտ կերպով կշռել եւ վերլուծել ժամանակակից իրադարձութիւնները եւ յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ Ատանայի ջարդը պատահական կամ տեղական բնոյթ չունէր, այլ օսմանեան ոճրապարտ ղեկավարներու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած կարգադրութիւն մըն էր: Թէ` Ատանայի ջարդը նախաքայլն էր հայութիւնը արմատապէս բնաջնջելու թրքական քաղաքականութեան: Թէ` պատուելի Աշճեան այս համոզումով լծուեցաւ աշխատանքի եւ այս համոզումով դատապարտեց հայութեան դէմ գործուած կարգ մը պետական ղեկավարներու նենգամիտ վարմունքները` պատիժներու ենթարկելով անոնցմէ ոմանք:
Բ. Ա. Լեւոնեան կ՛ըսէ, թէ վեր. Աշճեան շարունակեց իր ընդվզումը թուրք պետութեան դէմ ո՛չ միայն Ատանայի մէջ, այլ` Համաշխարհային Ա. պատերազմի շրջանին եւս երբ ընտանեօք տեղափոխուած ըլլալով` կը գտնուէր Գոնիա: Շնորհիւ իր հերոսատիպ կեցուածքին` ան քաջաբար կրցաւ փրկել բազմահազար հայ մահապարտներ` արիւնարբու թուրքերու ճիրաններէն: Պայքարեցաւ թուրքերու դէմ` անշահախնդրօրէն պաշտպանելով հայ ժողովուրդի կենսական իրաւունքները եւ իր ազգային պահանջատիրութիւնը ընկրկում չունեցաւ երբեք: Բ. Ս. Լեւոնեան կ՛ըսէ, թէ թուրք կառավարութիւնը որոշեց աքսորել վեր. Աշճեանը հեռաւոր քաղաք մը եւ զայն մահուան դատապարտել այնտեղ, բայց աստուածային փրկարար եւ օրհնեալ ձեռքը տուն վերադարձուց զինք: Հակառակ իր անձին դէմ եղած բազմատեսակ նեղութիւններուն, Վեր. Աշճեան ողջ մնաց եւ իր հրաշագործ կենդանութեամբ զարմանք պատճառեց բոլորին:
Հատորի «Յառաջաբան»-ին մէջ Բ. Ս. Լեւոնեան կ՛ըսէ, թէ Ատանայի ջարդի ընթացքին վեր. Աշճեան թէեւ կորսնցուց իր բնակարանը, գոյքերը, գիրքերը, թուղթերը, բայց անխախտ պահեց իր բարի եւ պարկեշտ նկարագիրը, հայու իր անխորտակ կամքը եւ քրիստոնէական մաքուր հաւատքը: Թէեւ զրկուեցաւ իր սեփական ստացուածքներէն, բայց փոխարէնը շահեցաւ ազնիւ հայու նախանձելի համբաւ մը:
Վեր. Աշճեան քաջասիրտ էր եւ խոնարհ: Իր ազգանուէր ծառայութեամբ, ան ցոյց տուաւ բարոյական վեհանձնութիւն եւ կորով: Հայ ժողովուրդը արդար հպարտութեամբ կը յիշէ իր անունը Ատանայի եւ Գոնիայի պատմագրութեան մէջ:
Ըստ պատմագէտներու, Ատանայի ջարդերը տեղի ունեցան երկու արիւնոտ դէպքերով: Այսպէս, 1909 ապրիլ 1-ին սկսաւ առաջին յարձակումը հայկական թաղերու վրայ, հայերը կրակով պատասխանեցին: Թուրք ոստիկանութիւնը մասնակցեցաւ ջարդերուն: Երբ թուրք զինուորներ բաւական թիւով զոհեր տուին, օսմանեան կառավարութիւնը յայտնապէս ստելով` դիմեց անգլիական հիւպատոսին, որ իբրեւ պատգամաբեր` ապահովութիւն պիտի ներշնչէ հայերուն, եթէ հայերը առանց խտրութեան յանձնեն իրենց զէնքերը պետութեան: Հայերը կատարեցին անգլիացի հիւպատոսին թելադրանքները միամտօրէն թուրք պետութեան յանձնելով իրենց ամբողջ զինամթերքը:
Իբր հետեւանք թուրքերու կողմէ կատարուած խաբէական այս արարքին` հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ահաւոր վնասներու: Ատանայի փողոցներուն եւ շրջակայ գիւղերուն եւ աւաններուն մէջ փռուեցան 30,000 անմեղ հայերու դիակներ: Թուրք զինուորները վայրագ միջոցներով թալանեցին եւ քանդեցին Ատանան: Հազարաւոր հայ որբեր մնացին անօթի եւ անպատսպար: Անգլիական կառավարութիւնը օգնութեան ձեռք չերկարեց ի նպաստ հայերուն: Թուրք պետութիւնը խաբէութեամբ գրաւեց Ատանան, իսկ Անգլիան անամօթաբար իւրացուց Կիպրոսը:
Ապա, վեր. Համբարձում Յ. Աշճեան կը նկարագրէ «Գոնիայէն յուշեր» խորագրի տակ հատորին երկրորդ բաժինը, որ կ՛ընդգրկէ 1907-էն մինչեւ 1914 շրջանը, երբ ինք կը բնակէր Ատանա` իբրեւ հայ աւետարանական հովիւ:
Արդարեւ, կ՛ուզենք վկայել, թէ վեր. Համբարձում Յ. Աշճեանին «Ատանայի եղեռնը եւ Գոնիայէն յուշեր» խորագրեալ հատորը կիլիկեան կոտորածներու մասին ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն է, որ կը վերաբերի հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի արիւնոտ դէպքերուն»:
Նոյեմբեր, 2013
Պէյրութ


