Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Պասթիան Շվայնսթայկըր նշանակուեցաւ ազգային խումբի նոր խմբապետ` այսպիսով յաջորդելով իր խմբակիցին` Ֆիլիփ Լահմի, որ լքեց միջազգային ասպարէզը:
Նշենք, որ 30 տարեկան Շվայնսթայկըր, որ 108 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 23 կոլ, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով երէկ բացակայեցաւ Արժանթինի դէմ կատարուած ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լոյեւ ըսաւ նաեւ, որ Շթութկարթի նախկին մարզիչ Թոմաս Շնայտըր նշանակուեցաւ իր օգնականը:


