«Ֆորմիւլա – 1»-ի վարորդ Ֆերնանտօ Ալոնսօ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ շրջան ընող լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ ինք մտադիր չէ հեռանալ իր խումբէն` «Ֆեռարի»-էն:
Տեղին է նշել, որ ան մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ունի կնքուած «Ֆեռարի»-ի հետ:
«Ներկայիս ես չեմ մտածեր «Ֆեռարի»-էն հեռանալու մասին: Քանի մը տարի առաջ ես այս խումբին հետ աշխատանքի սկսած եմ եւ կը փափաքիմ ատիկա հասցնել իր աւարտին», Ալոնսոյի խօսքերը կը մէջբերէ «Սքայ Սփորթց»:
Նշենք, որ Ալոնսոյով շատ մօտէն հետաքրքրուողներուն կարգին է նաեւ «Մաքլարըն»:


