Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի մրցի Լաթվիոյ դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռիկայի մէջ գտնուող «Սքոնթօ» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ռիկա իր ժամանման առաջին օրը (1 սեպտեմբեր) հաւաքականը իր փորձերը կատարեց «Տաուքաւա» մարզադաշտին վրայ` հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտի: Անոր գլխաւորութեամբ ֆութպոլիստները աշխատեցան ֆիզիքական եւ խաղային որակներու բարելաւման ուղղութեամբ, յայտնեց Armsport.am:
Իսկ երէկ տեղի ունեցան նաեւ երկու այլ մարզումներ:
Իր լուրը քաղելով Լաթվիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` Armsport.am հաղորդեց, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ Կեթեմինաս Մաժէյքա (Լիթուանա):
Ըստ գրաւի գրասենեակներուն, այսօրուան այս մրցումին յաղթականը պիտի ըլլայ դաշտին տէրը` Լաթվիա:
Երէկ աւելի ուշ Armsport.am յայտարարեց, որ Լաթվիա-Հայաստան մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Armenia TV» կայանէն:
Վերոնշեալ կայանէն ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի նաեւ Դանիա-Հայաստան մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 7 սեպտեմբերին եւ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Նշենք սակայն, որ Դանիա-Հայաստան մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն:
Այստեղ պէտք է նշել, որ «Հ1»-ին կը պատկանի Հայաստանի հաւաքականին պաշտօնական մրցումները պատկերասփռելու իրաւունքը:


