Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Ժունիէ, որ մաս կը կազմէ Քեսրուանի շրջանին Ա. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլեթիքոյի դէմ:
ՀՄԸՄ Ժունիէ իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 6 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, դարձեալ Ղազիրի դաշտին վրայ` մրցելով Ղոսթայի դէմ:
Իսկ 3-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ափոլօ Պաթհա: Մրցումը դարձեալ պիտի կատարուի Ղազիրի մէջ, չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:


