Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

July 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որմէ ստացաւ պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան Ե. խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէր մը, որ ուղղուած էր Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի կողմէ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը հետապնդել` աւելցնելով, որ այդ առումով կառավարութիւնը իր յստակ կեցուածքը պիտի որդեգրէ:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խօսքերը քաղաքականօրէն ձախող անձնաւորութեան մը արտայայտութիւններ են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած «Ուիքիլիքս» կայքէջին գաղտնազերծած փաստաթուղթերուն համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճեֆրի Ֆելթման յայտնեց, որ նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ զոհ` խուսափելու համար «Մատինա» դրամատան գայթակղութենէն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին զգուշացուց շրջանին համար նոր քարտէս պատրաստող կողմերէն. ան հաստատեց, որ Սուրիա լաւ ու կայուն էր եւ կը շարունակէ մնալ այդպէս:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրանսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն նորակազմ կառավարութեան յաջողութիւն մաղթեց` ընդգծելով, որ ինք կը փափաքի, որ այս կառավարութիւնը կարենայ իրականացնել այն, ինչ որ նախկին կառավարութիւնը չկրցաւ իրագործել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով յաւելեալ ամբաստանագիրներ պիտի արձակուին:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը լիբանանցիներուն կտակած է ձախողութիւններու շարք մը եւ գործակալութեան վատ համբաւ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող զէնքը ազատագրական չէ, այլ` միլիսի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նպատակն է Լիբանանը վերածել ամերիկեան ագարակի մը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը յայտնէ, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան նոր ներխուժում մը նախատեսելի է յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն` անդրադառնալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւններուն, յայտնեց, որ Հարիրիի ատելութիւնը աւելցած է` նկատել տալով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մասին կը վկայէ անոր պատմութիւնը:

 

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ

Յաջորդը

ՈՒԱՀԱՊ. «ՍՈՒՐԻԱ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ՀԶՕՐ ԵՒ ՅԱՂԹԱԿԱՆ` ԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՎ ՈՒ ԲԱՆԱԿՈՎ»

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։