Պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բարեկամական մրցումներու ծիրին մէջ այսօր` շաբաթ, 30 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, կը հիւրընկալէ Խըյուլը:
Նշենք, որ Խըյուլ եւս մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին եւ իր ամէն կարելին կ՛ընէ, որ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգէ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի խումբին մարզիկները:


