
Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ֆրանսայի նախագահ Միշել Փլաթինի երէկ լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ տարի, երբ «ՖԻՖԱ»-ի նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունենան, ինք իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըրի դէմ:
Մեկնելով այս յայտարարութենէն` այնպէս կը թուի, որ 78 տարեկան զուիցերիացին հինգերորդ անգամ ըլլալով այդ պաշտօնը դարձեալ պիտի վերստանձնէ:
Նշենք, որ Պլեթըր առաջին անգամ ըլլալով ՖԻՖԱ-ի նախագահ ընտրուեցաւ 1998-ին:


