Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Օրուան Պատրաստութիւնները

August 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Ո՞ր պատրաստութիւններուն մասին է խօսքը:

Պատասխանեմ:

Առաւօտուն, օրը ապրիլ սկսելու պատրաստութիւններու մասին է խօսքը: Ամէն օր նոր օր մը կը սկսի, եւ մարդիկ, կամ գոնէ մարդոց մէկ մասը, առաւօտուն խանութ մը բանալու պէս բաներ մը կը պատրաստեն, որպէսզի իրենք եւ ուրիշներ քիչ վերջ սկսին ապրիլ այդ օրը:

Ասիկա եռուզեռ մըն է, զոր մարդ իր շուրջ ամէն առտու կրնայ տեսնել, եթէ կանուխ արթնցող մըն է: Անշուշտ որ ամէն մարդ իր բնակած տեղին ու կլիմային համաձայն տարբեր տեսարաններ պիտի տեսնէ, բայց բոլոր տեսարաններուն մէջ անպայման տեսանելի են այն շարժումները, որոնք նոր օր մը պատրաստելու կամ նոր օրուան մը պատրաստուելու շարժումներն են:

Ես իմ բնակած թաղիս այս եռուզեռին ամէն օր կը նայիմ բնակարանիս պատուհանէն: Առաւօտ կանուխէն արթնցած եմ արդէն եւ աճապարանքով տեսած եմ իմ սեփական պատրաստութիւններս, որպէսզի կարենամ ելլել ու գործիս երթալ: Բայց դուրս ելլելէ առաջ կանգնած եմ ահաւասիկ պատուհանիս առջեւ ու կը դիտեմ դուրսը:

Ասիկա այն պահն է, երբ դիմացի դռնապանը ելած է եւ կ՛աւլէ պարտէզին ճամբան: Անգիր գիտեմ, թէ ան ի՛նչ պիտի ընէ երկու վայրկեան, երեք վայրկեան վերջ, ինչպէս պիտի աւարտէ աւլելու գործողութիւնը ու շէնքին աղբերը պիտի լեցնէ դրան առջեւ դրուած թիթեղեայ պահպանակներու մէջ:

Մեր դրացի դռնապանը յանկարծ կը տեսնէ վերի շէնքերէն մէկուն դռնապանը, որ շուկայէն կը վերադառնայ թեւին տակ թերթերու տրցակով մը: Ես շատ լաւ կը ճանչնամ այդ դռնապանը եւ նոյնիսկ կրնամ ըսել, թէ ամէն օր քանի հատ թերթ կայ իր թեւին տակ: Ան ահաւասիկ արդէն տուն կը տանի այն թերթերը, զորս քիչ վերջ իր շէնքին բնակիչները պիտի սկսին կարդալ, իրենց նախաճաշը ընելու ընթացքին:

Քովի շէնքին կառատան դուռը բացուեցաւ ու վարձկան շարժավարը սկսաւ լուալ իր գործատիրոջ կառքը: Ան առատ ջուր կը պարպէ կառքին վրայ, յետոյ կը սրբէ, կը չորցնէ, կառքը կը փայլեցնէ, որպէսզի իր գործատէրը քիչ վերջ հպարտութեամբ ու գոհունակութեամբ նստի անոր մէջ եւ ճամբայ ելլէ դէպի իր գործատեղին:

Ձախակողմեան շէնքին մէջ կը բնակի կին մը, որ առտուները ամէն բանէ առաջ իր շունը դուրս կը հանէ կէս ժամուան համար: Անոր օրը կը սկսի այս պարտականութեամբ: Ահաւասիկ ձախ կողմէն երեւցաւ ան ալ: Հազիւ կը զսպէ շան չուանը, որովհետեւ շունը կ՛ուզէ ազատ մնալ եւ վազել ուզածին պէս: Ես գիտեմ, որ կինը չուանը պիտի քակէ այն ատեն միայն, երբ պիտի ելլեն մեծ պողոտային վրայ: Պողոտային վրայ ան շունը կարճ ժամանակի մը համար ազատ պիտի արձակէ, շունը խենդի պէս պիտի վազէ  դէպի վեր, յետոյ պիտի վերադառնայ, պիտի պտըտկի տիրուհիին շուրջ: Ասիկա անոնց առտուան հանդիսութիւնն է: Երկուքին ալ օրը կը սկսի այս պտոյտով:

Դիմացի յարկաբաժինին պատուհաններէն մէկուն փեղկերը բացուեցան: Հոն կը բնակի երիտասարդ մը, որ ամէն առտու այս ժամուն կ՛արթննայ, պատուհանին փեղկերը կը բարձրացնէ, պահ մը դէպի դուրս կը նայի յօրանջելով: Ես այդ յօրանջը կը տեսնեմ յստակ կերպով: Այդ յօրանջը յոգնութեան ու ձանձրոյթի յօրանջ չէ: Ատիկա արթննալու ու նոր օր մը ապրիլ սկսելու յօրանջն է:

Մեր ետեւի շէնքը մայր դրան առջեւ ունի Ապահովութեան պաշտօնեայի կրպակ մը: Ապահովութեան պաշտօնեան մինչեւ առտու այդ կրպակին մէջ արթուն նստած ու շէնքին վրայ հսկած է, եւ ան այժմ կը հաւաքէ իր պայուսակը, իր ինչքերը, որպէսզի հերթը յանձնէ ցերեկուան պահակին, որ հիմա ուր որ է կու գայ:

Ասիկա այն պահն է նաեւ, երբ աղբահաւաքներու կառքը կը մօտենայ ու սկսի հաւաքել դրացի շէնքերու աղբերը: Աղբահաւաքները ամէն առտու նոյն շարժումներով աղբերը կ՛առնեն, մասմաքուր կ՛ընեն դռներուն յառաջամասերը, դռնապաններուն հետ կատակներ կ՛ընեն եւ կը հեռանան կ՛երթան:

Ասիկա նաեւ այն պահն է, որ շուներու հաջոցը կը թնդացնէ ամբողջ թաղամասը: Համանուագ մըն է երկու կողմէն, մէկը փողոցի շուներէն, որոնք երեք կամ չորս հատ են, միւսը` դիմացի շէնքին վերի պատշգամէն, ուր հսկայ գայլաշուն մը պահակ կը սպասէ երկաթեայ բազրիքներուն ետին: Օրուան ո՛չ մէկ Ժամուն պիտի լսեմ այդ հաջոցները, միայն առտուան այս ժամուն է, որ անոնք կը լսուին եւ ասիկա մտածել կու տայ, թէ այս անասուններն ալ ունին իրենց նոր օրը բանալու ժամ մը:

Եթէ ժամանակ  ունիմ ու պիտի կարենամ սպասել, պիտի տեսնեմ, որ հինգ վայրկեան վերջ վերի ճամբէն վար պիտի գան այր ու կին մը, որոնք գունաւոր մարզազգեստներ հագած են եւ ելած են քալելու: Անոնք ալ առտուան պատրաստութիւններու ժամացոյցին մաս կը կազմեն եւ իրենց սլաքները կը քալեցնեն ամէնօրեայ ճշգրտութեամբ:

Ես այս տեսարանին կը նայիմ ու կը մտածեմ նոր օրուան մը սկսելու խորհուրդին մասին: Եւ գիտեմ, թէ իմ բնակարանիս առջեւ նոր օրուան մը պատրաստուողները իրենց կարգին կը տեսնեն զիս` պատուհանիս առջեւ կանգնած, գործի երթալու պատրաստ: Անոնք ալ կ՛երեւի թէ իմ մէջս կը նշմարեն նոր օր մը ապրելու պատրաստ մարդու պատկեր մը:

 

 

Նախորդը

Ազգի Մասին` «Անմիջական»-ի Աղմուկէն Անդին. Ազգի Իրաւութեամբ Վերականգնման Հարցը

Յաջորդը

Տեմիրթաշի Վարկանիշը Մեծ Համեմատութեամբ Բարձրացաւ. Քաղաքական Մեկնաբաններու Կարծիքով, Քիւրտերու Քաղաքական Պայքարը Ռազմավարութիւն Կը Փոխէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.