Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ . Ո՞ւր Են, Ո՞ւր…

August 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ 

iraq_christians_isisՊատմութիւնը ցոյց կու տայ, եւ` այս օրերուն տեղի ունեցող դէպքերը վկայ, որ քրիստոնեայ փոքր ժողովուրդները մեծամասնութեան ձեռքին դարձած են ճատրակի քարեր` անզգամ ու անհոգի, քաղաքական դիրքերէ ուղղութիւն տալու կարողութիւն ունեցողներուն կողմէ ղեկավարուող եւ մեծերուն շահերուն հետեւանքները դառնօրէն կրող: Նոյն այդ «մեծերը», եթէ իրենց շահերուն ու հաշիւներուն ծառայէ, նոյնիսկ չտեսնել կը ձեւանան իրենց քիթին տակ իսկ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն կրած տառապանքը, անոր ենթարկուած սպանդը:

Բոլորս գիտենք դարերէ ի վեր, մասնաւորաբար Մեծ եղեռնի օրերուն հայ ազգին ապրած արհաւիրքը: Անշուշտ մէկ օրուան մէջ չկատարուեցաւ սարսափի տողանցքը, անոր ծրագրումն ու գործադրութիւնը բաւական ժամանակ առին, անկէ տեղեակ եղան շատեր, սակայն ոչ ոք հակազդեց ու քայլ մը առաւ: Կայ աւելին, ծանօթ գրագէտ Կոստան Զարեան, որ այդ հանգրուանին Իտալիա կը գտնուէր ուսանելու, գիտակցելով, որ կաթողիկէ պապը կրնայ խօսիլ քրիստոնեայ աշխարհին, անձամբ գնաց մինչեւ Վատիկան, ներկայացուց հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքները եւ անոր դէմ գործադրուող ոչնչացման արարքները: Այդ օրուան պապը Կոստան Զարեանի պատմածները լսելէ ետք ըսաւ, որ ինք պիտի աղօթէ հայերուն եւ զոհերուն հոգիներուն համար: Այս կեցուածքը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, որ պապը լաւապէս կը գիտակցէր, թէ իրեն լսող պիտի չըլլայ:

Կացութիւնը շատ չէ փոխուած այսօր, նոյն իրավիճակներուն դէմ յանդիման ենք: Այսօր տեղի ունեցածին մասին վայրկեանը վայրկեանին կը տեղեկանանք, նկարները շուտով աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը կը հասնին, սակայն կրկին լռութիւն կը տիրէ: Ինչո՞ւ լուռ կը մնան իրենք զիրենք քրիստոնեայ կոչող մեծ պետութիւններու տէրերը, պատասխանը պարզ է ու բոլորին համար յստակ` քանի որ իրե՛նք են չար ուժերուն քայլերուն նախապատրաստող եւ անոնց առիթ տուող դարանակալ դերակատարները:

syrian-christiansՍկսինք Անգլիայէն, որ հայոց կողմէ թուրքին դէմ օգնութիւն խնդրող ուժերուն պատասխանելով` ըսաւ, որ իր նաւերը Արարատ լեռ չեն բարձրանար: Ֆրանսան խոստում տուաւ Արարայի ճակատամարտին հերոսաբար կռուող հայ կամաւորներուն, որոնք դժուարին յաղթանակներ ապահովեցին Ֆրանսայի, Կիլիկիան մեզի յանձնելու յոյսով, բայց գիտենք, որ ինչպէս իրենք մեզմէ առաջ պարպեցին Կիլիկիան ու փախուստ տուին առանց ոտնաձայնի` յուսահատ ձգելով մեզ եւ առիթ տալով երկրորդ տեղահանութեան: Պատմութիւնը կրկնուեցաւ նաեւ Ալեքսանտրեթի Թուրքիոյ յանձնումի ատեն եւ հայութեան գաղթով` դէպի Լիբանան եւ այլուր:

Գալով ռուս մեծ ու դրացի պետութեան, որուն մեր պարզ ժողովուրդը դարերով «քեռի» կոչած է` յոյսեր կապելով անոր, քանիցս մեզ առանձին ձգած է մետասաներորդ պահուն: Ատեն մըն ալ մեր եկեղեցապատկան ինչքերը գրաւած է, իսկ այսօր մեզի հետ բարեկամական դաշինք կնքելով հանդերձ, մեր հակառակորդին միլիառներով զէնքեր կը ծախէ: Արդեօք կրնա՞յ օր մը պատահիլ, որ Անգլիոյ ըսածին պէս Ազրպէյճանի քարիւղն ու կազը աւելի կշռեն մեր բարեկամութենէն:

Ամէն պարագայի, տարիներ առաջ ներկայ պապը իր պատգամին մէջ ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան իրենց քրիստոնէական շապիկը վերստին պէտք է հագնին եւ չխաբեն ժողովուրդները, որովհետեւ իրենք է, որ իրենց քաղաքական եւ նիւթական շահերուն համար ամէն սկզբունք ոտնակոխ կ՛ընեն` ոչ միայն քրիստոնէական ոգիին, այլ նոյնիսկ մարդկային խղճին դէմ կանգնելով յաճախ:

Հետեւաբար այսօր մենք գերիմաստուն եւ քաղաքական իրապաշտ կեցուածքներ պէտք է որոնենք գիտնալու համար, թէ ո՞ւր են մեր բարեկամները եւ բուն թշնամիները, որոնք մեզ հոս հասցուցին եւ տակաւին ո՜ւր կրնան հասցնել:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1964)

Յաջորդը

Մեր Քոչը` «Մարզիչը», Ժաք Յակոբ Պոյաճեան (Իր Մակդիրը Մինչեւ Այսօր Մնաց Քոչ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.