
Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի խումբը Թրիփոլիի մէջ հիւրը եղաւ Ամալ Թրիփոլիի:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ահլի Նապաթիէի հետ, երէկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 6-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-0) ջախջախելով իր մրցակիցը: Դրօ Գասապեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Ալեք Քէօսէեան, Էնտրու Քազզի, Մհեր Սիւրմենեան եւ Շանթ Գէորգեան:
ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները իրենց յաջորդ մրցումը պիտի կատարեն կիրակի, 31 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ մրցելով դաշտին տիրոջ դէմ:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խում
բին Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ կատարելիք բարեկամական մրցումին, անիկա պահ մը չեղեալ պիտի նկատուէր, որովհետեւ մրցակից կազմը իրաւարարի դասաւորումը չէր կրցած կատարել:
Սակայն երկու խումբերը համաձայնեցան մրցումը կայացնել… առանց իրաւարարի, եւ Ռիատա Ուալ Ատապի պահեստի բերդապահը ստանձնեց այդ պաշտօնը, հակառակ անոր որ վերջինս ատակ չէր ատոր:
Հետեւաբար այս մրցումը կորսնցուց իր պաշտօնական բնոյթը եւ դարձաւ պարզ փորձ-մրցում մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր խումբ դաշտին վրայ փոխեց 10-էն աւելի մարզիկ:
Օֆ-սայտով նշանակուած կոլ, ի նպաստ հիւսիսեան խումբին սուլուած անճիշդ փենալթի, եւ Ռիատա Ուալ Ատապ յաղթեց 4-1 արդիւնքով:


