Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական ախոյեանութեան (21 տարեկանէն վար) 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ամքարի հետ:
Զենիթի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան 2-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը: 63-րդ վայրկեանին 19 տարեկան Զախար Թիլանեան փոխարինեց Սիմոնեանը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան Արտեոմ Սիմոնեանը հրաւիրած է մասնակցելու Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան` Իսլանտայի եւ Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք զտումի մրցումներուն:


