Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2014-2015 տարեշրջանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան առաջին չորս դիրքերը գրաւած խումբերը` Բանանց, Շիրակ, Միքա եւ Արարատ, քառորդ աւարտականին իրարու դէմ չեն կրնար մրցիլ:
Այսպիսով, քառորդ աւարտականի վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ հետեւեալ ձեւով.
Ուլիս-Բանանց, Միքա-Գանձասար, Փիւնիկ-Շիրակ եւ Արարատ-Ալաշկերտ:
Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր-նոյեմբեր ժամանակամիջոցին, կիսաւարտականի մրցումները` մարտ-ապրիլին, իսկ աւարտական մրցումը` 6 մայիս 2015-ին:


