Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Սփորթինկ Լիզպոնի 24 տարեկան յետսապահ Մարքոս Ռոխօ միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:
Թէեւ անոր փոխանցման համար անգլիական ակումբը վճարեց 20 միլիոն փաունտ, սակայն ըստ երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, Եունայթըտի միջնապահ Նանի մէկ տարուան համար փոխ պիտի տրուի փորթուգալեան ակումբին:
Եունայթըտին միանալով Ռոխօ պիտի կրէ թիւ 5 շապիկը, որ վերջին տասնամեակին կը պատկանէր Ռիօ Ֆերտինանտին:


