Նանճինկ-2014-ի պատանեկան ողիմպիական խաղերուն, տղոց թենիսի անհատական մրցաշարքին կը մասնակցէր նաեւ Ռուսիան ներկայացնող հայազգի Կարէն Խաչանով:
18 տարեկան Խաչանով չկրցաւ յաղթահարել քառորդ աւարտականի արգելքը եւ պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Սակայն ան իր յոյսերը չէ կորսնցուցած մետալի մը տիրանալու առումով, որովհետեւ ցարդ կը շարունակուին զոյգի եւ խառն զոյգի մրցումները, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am


