Գանձասար Կապանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ պրազիլական Ճոյենվիլ ակումբի ֆութպոլիստ, յարձակողական ոճի միջնապահ Կուսթաւօ Աֆոնսօ Սոուրպեք միացաւ խումբին:
Ճոյենվիլ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պրազիլի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
21 տարեկան պրազիլցին իր մասնակցութիւնը բերած է ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած 17 մրցումներէն երկուքին եւ իր նշանակած կոլերով լաւ տպաւորութիւն ձգած է, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


