ԼԱԽՏ
Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիա գտնուող բրիտանացի ժիհատական մը «Թուիթըր»-ի վրայ կատարուած գրառումի մը մէջ յայտարարած է. «Կ՛ուզեմ բրիտանացի կամ ամերիկացի ահաբեկիչ մը սպաննող առաջին բրիտանացի կինը ըլլալ»:
Եթէ այս կնկան փնտռածը բրիտանացի զոհ մըն է, ինչո՞ւ Բրիտանիան ձգելով Սուրիա եկած է. ինչպէս ձուկ որսալ ուզող ձկնորսը լեռ չի բարձրանար, այնպէս ալ բրիտանացի կամ ամերիկացի մը սպաննել ուզող մարդասպան մը Սուրիա չի գար:
Իրականութեան մէջ անոր ուզածը միայն մարդ սպաննելը չէ, այլ նաեւ` անպատիժ մնալը, ինչ որ ինքզինք երկրաւոր կեանքէն հրաժարած եւ «երկնաւոր կեանք»-ին ձգտող ներկայացնողի մը համար հակասական կեցուածք մըն է, սակայն ոչ անհասկնալի. այս կեղծաւորին նման «բարեպաշտ» մը եթէ Բրիտանիոյ մէջ այդպիսի արարք մը գործէ, արդարօրէն ցկեանս կամ առնուազն երկարատեւ բանտարկութեան պիտի դատապարտուի, եթէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործէ` կարգ մը նահանգներու մէջ կրնայ մինչեւ իսկ մահապատիժի ենթարկուիլ, իսկ միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ տիրող անիշխանութիւնն ու քաոսը իրեն նման մարդասպաններու համար բարենպաստ ու երազային միջավայր մը կը ստեղծեն եւ շրջանը կը վերածեն չար հոգի «մարդոց» համար «աւետեաց երկիր»-ի մը: Ուստի զարմանալի չէ, որ այս ժիհատական բրիտանուհին անցեալ յուլիսին սփռուած վաւերագրական ժապաւէնի մը մէջ յայտարարած է, որ կը մերժէ Բրիտանիա վերադառնալ:


